image

Սահմանազատման յաջորդ փուլի վերաբերեալ դեռ որոշում չկայ. Մհեր Գրիգորեան

Սահմանազատման յաջորդ փուլի վերաբերեալ դեռ որոշում չկայ. Մհեր Գրիգորեան

Փոխվարչապետ, սահմանազատման գործընթացին մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Մհեր Գրիգորեանը յայտարարած է, որ սահմանազատման յաջորդ փուլին մասին դեռ որոշում չկայ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այդ մասին ան լրագրողներուն ըսած է սեպտեմբեր 27-ին Եռաբլուրի մէջ։

«Պէտք է աւարտենք կանոնակարգի հետ կապուած ներպետական ընթացակարգերը»,- ըսած է ան:

Գրիգորեանի խօսքով` սահմանազատման գործընթացն իրականացնելու շուրջ  պայմանաւորուածութեան հիմնական նպատակը այն է, որ բոլոր խնդիրները պէտք է ստանան հանգիստ, հիմնարար եւ իրաւական լուծում:

Անդրադառնալով Տաւուշի մարզի մէջ իրականացուած Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի սահմանազատման, Մհեր Գիրգորեանը նշած է, որ գործընթացն ամբողջութեամբ հրապարակային եղած է՝ թէ իրաւական մասը, թէ փաստացի կատարումը․ «Վստահեցնում եմ, որ այդ գործընթացն ամբողջութեամբ օրինական է։ Եթէ ուշադիր կարդաք ապրիլի 18-ի արձանագրութիւնը եւ ստորագրուած կանոնակարգը, կը զգաք կապը, եւ որ որեւէ հակասութիւն չկայ գործընթացում»։

Փոխվարչապետը պատասխանած է նաեւ հարցին, թէ Ատրպէյճանի հետ քննարկումներուն ՀՀ ինքնիշխան տարածքներէն ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերման հարց շօշափվե՞լ է․ «Ես չեմ կարող հիմա մեկնաբանութիւններ տալ, որովհետեւ ունենք հաստատուած աշխատակարգ, որը ենթադրում է, որ մեկնաբանութիւնները պէտք է լինեն սիմետրիկ, գրաւոր եւ հրապարակային: Առանձին մեկնաբանութիւններ հիմա չեմ տալու»։

Խօսելով հայ-ռուսական յարաբերութիւններու մասին Գրիգորեանը նշած է, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ կան խնդիրեր:

«Կան խնդիրներ յարաբերութիւններում, եւ ոչ միայն Ռուսաստանի հետ, բայց, այնուամենայնիւ, կարծում եմ, մենք պէտք է փորձենք հաւասարակշռել եւ այդ բոլոր խութերը վերացնել, որովհետեւ իրավիճակն աշխարհում բաւականին բարդ է, տարածաշրջանում`առաւել եւս, ըստ այդմ առաջանում են բազմաթիւ խնդիրներ, որոնց բացատրութիւնները տրուած չեն լիարժէք։ Եւ կարծում եմ, որ բացատրութիւնները պէտք է ստանալ եւ ճիշդ որոշում կայացնել»,-ըսած է ան: