image
Հրատապ լուրեր:

Սահմանային իրավիճակին վերաբերեալ Պաքու կը շարունակէ ստել

Սահմանային իրավիճակին վերաբերեալ Պաքու կը շարունակէ ստել

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը այսօրուան ընթացքին արդէն երրրորդ անգամ կեղծ տեղեկութիւններ տարածած է, թէ հայկական կողմը կրակած է ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

«Ադրբեջանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնն այն մասին, թէ ՀՀ Զինուած ուժերի ստորաբաժանումները սեպտեմբերի 4-ին՝ ժամը 11։20-ի սահմաններում, իբր կրակ են բացել սահմանագօտու հարաւարեւմտեան հատուածում տեղակայուած ադրբեջանական դիրքերի ուղղութեամբ, հերթական ապատեղեկատւութիւնն է»,–ըսուած է պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։

Յիշեցնենք՝ աւելի վաղ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած էր, իբր ՀՀ Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները 4 սեպտեմբերի 4-ին՝ ժամը 07:20-ի սահմաններուն, կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան հատուածին մէջ, իսկ ժամը 09:50-ի սահմաններուն` սահմանագօտիի հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։