image

Սահմանագծման օրակարգով Մոսկուան պատրաստ է օժանդակելու

Սահմանագծման օրակարգով Մոսկուան  պատրաստ է օժանդակելու

Մոսկուան պատրաստ է աջակցելու ընդհանուր սահմանի յստակացման հարցով Պաքուի եւ Երեւանի աշխատանքին  եւ ունի յստակ առաջարկներ այս առնչութեամբ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպման ընթացքին:

Լաւրովի խօսքով` Ռուսիան կրնայ խորհրդատուական ծառայութիւններ մատուցել երկու յանձնաժողովներուն, որոնք ստեղծուած են երկու կողմերուն կողմէ` սահմանազատման եւ սահմանագծման համար:

Ան նաեւ խոստացած է հասնիլ տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային հաղորդակցութեան ապաշրջափակման` նշելով այս ուղղութեամբ յառաջընթացը:

«Մենք ընդհանուր ըմբռնում ունինք, թէ ինչպէս կարելի է ամենայարմարաւէտ ճանապարհով լուծել ինքնաշարժներու երթեւեկութիւնը կազմակերպելու խնդիրը, որպէսզի արհեստական խոչընդոտներ չստեղծուին», ըսած Լաւրով` յաւելելով, որ այդ առնչութեամբ կը խորհրդակցի Հայաստանի հետ: