Երուսաղէմի մէջ իր մահկանացուն կնքած է յարգուած հայուհի եւ նուիրեալ մայր՝ Հելէն Պաղպուտարեանը։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ Երուսաղէմի ՀՄԸՄ-ի մարմնի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Հ.Մ.Ը.Մ. Երուսաղէմի Վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը փոխանցէ Եղբայրներ Կարօ, Աբօ, Վիգէն եւ Չարլի Պաղպուտէրեաններուն, ինչպէս նաեւ իրենց ազգականներուն եւ ընտանեկան պարագաներուն, իրենց մօր՝ Տիկին ՀԵԼԷՆ ՊԱՂՊՈՒՏԷՐԵԱՆԻ (1946-2023) մահուան կապակցութեամբ:
Հանգուցեալի թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 06 Օգոստոս 2023ի ժամը 16:00ին Սբ. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք մարմինը պիտի ամփոփուի ազգային գերեզմանատան մէջ:
Հոգեսուրճ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սրահ:
Ընտանիքի անդամները ցաւակցութիւններ պիտի ընդունին նաեւ Երկուշաբթի եւ Երեքշաբթի օրերը ժամը 18:00էն մինչեւ ժամը 21:00ը Հ.Մ.Ը.Մ.ի սրահէն ներս:
ՅԻՇԱՏԱԿՆ ԱՐԴԱՐՈՑ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՂԻՑԻ