image

Սաղիմահայ երգիչը Պլինքընին դիմելով խօսած է Արցախի մասին

Սաղիմահայ երգիչը Պլինքընին դիմելով խօսած է Արցախի մասին

Երգիչ Աբօ Սահակեան Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընին յիշեցուցած է հայերու ձայնի հասանելիութեան իրւունքի մասին։ Երգիչը այս մասին յայտնած է «Ինսթակրամ» ընկերային ցանցի իր էջին։

Պլինքընի Իսրայէլ կատարած այցի ընթացքին երգիչը մօտեցած է անոր եւ սեղմած ձեռքը՝ այդ ընթացքին անդրադառնալով հայերու ձայնի հասանելիութեան իրաւունքին։

«Չնայած ես վատ երգիչ եմ, կը փորձեմ վստահ ըլլալ, որ հայերու ձայնը լսելի է՝ Արցախը պաշտպանելէն մինչեւ Երուսաղէմի հայկական թաղամասերը պաշտպանելու հարցով։

Ազգի շահը մնայուն եւ յաւերժական գործ է՝ նոյնիսկ իմ նման վատ երգչի համար», - գրած է Աբօ Սահակեան։

Ծնունդով երուսաղէմցի երգիչը հայ հանրութեան յայտնի դարձաւ վերջին շրջանին այլ հայ երգիչներու հետ համագործակցութեամբ հրապարակուած շարք մը երգերով, որոնցմէ են «Կյասս Քիսս»-ը, «Քարին տակ»-ը, «Հանի տանի»-ն եւ «Գնա Ըսէ»-ն։