Հանդիպումներ կայացած են Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ, ՀՀ-ԵՄ խորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի անդամ Փեթեր Վիթանովի, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ Լուքսա Ֆուրլասի, Խորհրդարանի ECR քաղաքական խումբի փոխնախագահ Չառլի Վայմերի հետ:
Իշխան Սաղաթէլեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ Հէիտի Հաութալայի հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին առանձնայատուկ քննարկման նիւթ դարձած են Հայաստանի ու Արցախի շուրջ առկայ անվտանգային մարտահրաւէրները եւ ատրպէյճանական շարունակական յարձակումը: Իշխան Սաղաթէլեան կարեւորած է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք իրացման եւ կարգավիճակի հարցը, որպէս Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հակամարտութեան կարգաւորման միջոց: Շեշտուած է, որ հայ ժողովուրդին համար անընդունելի է որեւէ լուծում, որով Արցախը կ'ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ:
Եւրոպացի գործընկերներուն ներկայացուած են նաեւ «Դիմադրութեան» շարժման նպատակներն ու յառաջիկայ ծրագրերը, քննարկուած է Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը:
Իշխան Սաղաթէլեանի այցը կ'աւարտի մի քանի օրէն: