Ռազմական գործողութիւնները, որոնք թրքական Զինուած Ուժերը սկսած է Սուրիոյ հիւսիսը եւ Իրաքի մէջ, Անգարայի համար թրքական սահմաններու պաշտպանութեան դեռ սկիզբն է։ Այս մասին 23 նոյեմբերին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը երկրին մէջ իշխող կուսակցութեան հանդիպման ժամանակ։ Այս մասին գրած է Regnum գործակալութիւնը:
«Հակաահաբեկչական գործողութիւնները, որոնց կը մասնակցին օդուժը, հրետանին եւ հարուածային անօդաչու թռչող սարքերը մեր սահմաններու անվտանգութիւնը ապահովելու միջոցառումներու միայն սկիզբն են», -ըսած է ան։
Միաժամանակ Էրտողան Սուրիոյ եւ Իրաքին կոչ ըրած է չանհանգստանալու թուրք զինուորականներու գործողութիւններէն՝ ըսելով, որ թրքական իշխանութիւնները կը յարգեն հարեւան պետութիւններու տարածքային ամբողջականութիւնը։
Մինչդեռ երկրի ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնած է, որ գործողութիւններու ծիրէն ներս թրքական բանակը հարուածած է Սուրիոյ հիւսիսը եւ Իրաքի մէջ ահաբեկիչներու 471 կառոյց, վնասազերծած է քիւրտ զինեալներու սուրիական թեւի 254 գրոհային։