image

Ռուսիոյ սառեցուած գումարները Ուքրանիոյ տրամադրելու առաջա՞րկ

Ռուսիոյ սառեցուած գումարները Ուքրանիոյ տրամադրելու առաջա՞րկ

Եւրոպական յանձնաժողովն առաջարկած է ռուսական սառեցուած 300 միլիառ եւրօ հաշիւներու եւ 19 միլիառ մասնաւոր հաշիւներու հիման վրայ ստեղծել հիմնադրամ՝ պատերազմէն տուժած Ուքրանիոյ վճարումները ընելու համար:

Ինչպէս կը գրէ news.ru-ն, այս մասին ըսած է Եւրոպական յանձնաժողովի ղեկավար Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լեյընը։

Ան աւելցուցած է, որ այս պահուն Ուքրանիոյ հասցուած վնասը կը գնահատուի 600 միլիառ եւրօ։

«Կարճաժամկէտ հեռանկարով մենք կրնանք մեր գործընկերներուն հետ ստեղծել կառոյց մը, կառավարելու եւ ներդնելու այդ միջոցները... Ուքրանիոյ կրած վնասը կը գնահատուի 600 միլիառ եւրօ»,- ըսած է Ֆոն Տէր Լեյընը տեսաուղերձով։

Ռուսիոյ յատուկ ռազմական գործողութեան մեկնարկէն ի վեր արեւմտեան կառավարութիւնները սառեցուցած են աւելի քան 330 միլիառ տոլարի ռուսական հաշիւներ: Մօտ 300 միլիառը Ռուսիոյ Դաշնութեան Կեդրոնական դրամատան պահուստներն են արտասահմանեան դրամատուներու հաշիւներուն վրայ։ Մնացածին մեծ մասը կը ներառէ ռուս գործարարներու հաշիւները։