Պելկորոտի մէջ 2 յունուարի օրուան ընթացքին արդէն երրորդ անգամ հրթիռային յարձակման վտանգի ազդանշան հնչած է։ այս մասին հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն՝ յղում ընելով Պելկորոտի մարզի նահանգապետ Վիաչեսլաւ Կլատքովի թելեկրամեան ալիքին։
«Եթէ տունը կը գտնուիք, մի՛ մօտեցէք պատուհաններուն: Պատսպարուեցէք պատուհաններ չունեցող ամուր պատերով սենեակներու մէջ (միջանցք, լոգարան, զուգարան, մառան): Եթէ փողոցը կը գտնուիք, ապա գացէք ապաստարան կամ մէկ այլ անվտանգ վայր»,- գրած է Կլատքովը։
Պելկորոտի մէջ օրուան ընթացքին արդէն երրորդ անգամ օդային տագնապ յայտարարուած է։ Մինչ այդ տագնապի ազդանշանը հնչած է Մոսկուայի ժամանակով ժամը 12։06-12։45-ն ինկած ժամանակահատուածին։ Այդ ժամանակ ռուսական ՀՕՊ համակարգերն ուքրանական չորս հրթիռ խոցած են։ Առաջին հթիռակոծման հետեւանքով մէկ մարդ վնասուած է, անոր ծանր վիճակի մէջ տեղափոխած են հիւանդանոց։
Երկրորդ անգամ օդային տագնապ յայտարարուած էր ժամը 13։00-ի սահմաններուն։ ՌԴ ՊՆ տուեալներով՝ այդ ժամանակ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը Պելկորոտի մարզի երկինքին մէջ եւս հինգ հրթիռ խոցած են։
Աւելի ուշ ՌԴ ՊՆ-ն յայտնած է եւս ութ հրթիռի խոցման մասին։ Ընդհանուր առմամբ օրուան ընթացքին արդէն խոցուած է 17 հրթիռ։
Նահանգապետ Վիաչեսլաւ Կլատքովն իր հերթին յայտնած է հրթիռակոծման հետեւանքով մէկ զոհի եւ հինգ վիրաւորի մասին։ Ան նաեւ աւելցուցած է, որ անցած մէկ օրուան ընթացքին Ուքրանիոյ ԶՈւ-ն Պելկորոտի մարզի շարք մը բնակավայրերո ուղղութեամբ աւելի քան 50 զինամթերք արձակած է եւ քանի մը յարձակում իրականացուցած է անօդաչուներու միջոցով։