Ատեյեմոյի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին բոլոր կողմերը ցանկութիւն յայտնած են` ապահովելու պայմաններ, որպէսզի Թուրքիան չօգտագործուի որպէս անօրինական ֆինանսաւորման ապահով ապաստարան, եւ որ շարունակէ պաշտպանուիլ անոր դրամատնային հատուածի ամբողջականութիւնը:
ԱՄՆ-ի ելեւմուտքի փոխնախարար Ուոլլի Ատեյեմոն այցելած է Թուրքիա` Թուրքիոյ գանձապետարանի եւ Արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ` Ռուսիոյ դէմ արեւմտեան պատժամիջոցները քննարկելու նպատակով:
Թուրքիոյ Գանձապետարանը, իր հերթին, յայտարարութիւն տարածած է` նշելով, որ ԱՄՆ-ի ելեւմուտքի փոխնախարարը այցելած է Թուրքիա` ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցին եւ գործընկերոջ հետ քննարկելու երկրին եւ տարածաշրջանին տնտեսական խնդիրները, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարն ու Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ պատերազմը:
Վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ նախարարութիւններու եւ ֆինանսական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ Ատեյեմոյի ունեցած հանդիպումներու ընթացքին բոլոր կողմերը ցանկութիւն յայտնած են` ապահովելու պայմաններ, որպէսզի Թուրքիան չօգտագործուի որպէս անօրինական ֆինանսաւորման ապահով ապաստարան, եւ որ շարունակէ պաշտպանուիլ անոր դրամատնային հատուածի ամբողջականութիւնը:
Ռուսիոյ դէմ կոշտ պատժամիջոցներ սահմանելու հարցով Թուրքիան չէ միացած ԱՄՆ-ին եւ Եւրոպային, ու Մայիսին ռուս գնորդներուն անշարժ գոյքի վաճառքը աճած է տասը անգամ: