Ռուսական իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական Լինտսի Կրեհեմի նկատմամբ հետախուզում յայտարարած է ուքրանական պատերազմի մասին անոր յայտարարութիւններէն ետք:
Լինտսի Կրեհեմը ձեռնոց նետած է Ռուսիոյ իշխանութիւններուն, հաղորդած է Ազատութիւնը։
«Ահա, թէ ինչ կ'առաջարկեմ իմ ռուս «ընկերներուն», որոնք կ'ուզեն ձերբակալել եւ դատել զիս՝ ռուսական ռեժիմը որպէս ռազմական յանցագործներ դատապարտելու համար։ Ես կ'ենթարկուիմ Միջազգային քրէական դատարանի իրաւասութեան, եթէ դուք ենթարկուիք անոր», - ըսած է Կրեհեմ։
«Ներկայացուցէք ձեր լաւագոյն փաստարկները: Կը հանդիպինք Հաագայի մէջ», - աւելցուցած է ան։
Ծերակուտականի նկատմամբ հետախուզում յայտարարելու առիթը Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ Կրեհեմի հանդիպման տեսագրութիւնն էր, ուր վերջինս, իբր նշած է, որ պատերազմին ռուսերու մահը Միացեալ Նահանգներու փողերու յաջող օգտագործում է։
Սակայն, աւելի ուշ պարզ դարձաւ, որ տեսանիւթը մոնթաժուած է, եւ հանդիպման ամբողջական ձայնագրութեան մէջ մէկը միւսի ետեւէն չեն հնչեր Կրեհեմի արտայայտութիւնները ռուսերու մահուան եւ փողի ներդրման մասին։