image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը ռիսքային քայլ է ՀՀ-ի համար. Արթուր Խաչատրեան

Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը ռիսքային քայլ է ՀՀ-ի համար. Արթուր Խաչատրեան

Ակնյայտ է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները խիստ լարուած են, իսկ Ռուսիոյ Դաշնութեան հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը ռիսքային քայլ է ՀՀ-ի համար։ Ազգային Ժողովէն ներս լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին նման տեսակէտ յայտնած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեանը՝ ընդգծելով, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու վատթարացումը պայմանաւորուած է արտաքին քաղաքական միջաշառաւիղի փոփոխութեամբ։

Ընդդիմադիր պատգամաւորը չի յիշեր դէպք, երբ Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանը կանչուի Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ անոր բողոք յայտնեն։

«Վարել նման քաղաքականութիւն այն դէպքում, երբ Արցախում 120,000 հայերի ֆիզիկական գոյութիւնը պայմանաւորուած է ռուսական կողմի ներկայութեամբ, դա բաւականաչափ ռիսկային է։ Հայաստանի ղեկավարութեան հայեացքն ուղղուած է դէպի արեւմուտք, որտեղ չկայ ոչ միայն անվտանգութեան աղբիւր, այլ նաեւ կայ Թուրքիա։

Արտաքին այլ դերակատարների մէջ չկայ մէկը, որը պատրաստակամութիւն կը յայտնի զինուած զօրախումբ ուղարկելու տարածաշրջան՝ ապահովելու Հայաստանի սահմանների պաշտպանութիւնը եւ Արցախի հայութեան անվտանգութիւնը», - նշած է ան։