Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին ստորագրած է Եւրոպայի խորհուրդի մասնակի համաձայնագրերուն Ռուսիոյ մասնակցութիւնը դադրեցնելու մասին որոշում: Մասնակի համաձայնագիրը անմիջականօրէն չի յիշատակուիր Եւրոպայի խորհուրդի կանոնադրութեան մէջ, սակայն գոյութիւն ունին այդ տեսակի համաձայնագրերը կարգաւորող շարք մը բանաձեւեր:
Այդ կերպ հաւանութիւն տրուած է Ռուսիոյ ԱԳՆ-ի առաջարկութեան, որ համաձայնեցուած է շարք մը գերատեսչութիւններու հետ:
Փաստաթուղթին համաձայն` Ռուսիա կը դադրեցնէ մասնակցութիւնը Թմրամիջոցներու եւ կախուածութիւններու դէմ միջազգային համագործակցութեան խումբին մէջ, 1990-ի մասնակի համաձայնագրին մէջ, որ կը հիմնէ «ժողովրդավարութիւն իրաւունքի միջոցով» եւրոպական յանձնաժողովը, Բնական աղէտներու եւ արհեստագիտական աղէտներու պարագային կանխատեսման, կանխարգիլման եւ աջակցութեան մասին Եւրոպայի խորհուրդի մասնակի բաց համաձայնագրին մէջ:
Ցանկին մէջ ներառուած է նաեւ Կինեմաթոկրաֆիական եւ տեսալսողական ստեղծագործութիւններու համատեղ արտադրութեան եւ տարածման եւրոպական հիմնադրամի, Եւրոպական լսատեսողական դիտարանի աշխատանքները կարգաւորող համաձայնագրերը, մարմնամարզի վերաբերեալ ընդլայնուած մասնակի համաձայնագիրը, Եւրոպայի խորհուրդի մշակութային երթուղիներու վերաբերեալ ընդլայնուած մասնակի համաձայնագիրը: