Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան 18 ապրիլի ճեպազրոյցի ընթացքին մեկնաբանած է տեղեկութիւնը, թէ իբր 5 ապրիլին Պրիւքսէլի մէջ Հայաստան-ԱՄՆ-ԵՄ հանդիպման ռազմաքաղաքական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են ՀՀ-էն ռուսական ռազմակայանի եւ սահմանապահներու դուրսբերման շուրջ։
«Աւելի վաղ Երեւանի մէջ հրապարակայնօրէն կը հաւաստիացնէին, որ Արեւմուտքի երկիրներու հետ յարաբերութիւններու զարգացումը ուղղուած չէ երրորդ երկիրներու դէմ։ Մենք, ակնկալելով այդ գործօններու ամբողջութիւնը, Հայաստանի իշխանութիւններէն կ՚ակնկալենք յստակ արձագանգ ի յայտ եկած տեղեկութիւններուն։ Ի հարկէ իտէալական կ՚ըլլայ այդ տեղեկատւութեան հերքումը, բայց ամէն պարագայի, խօսքը պաշտօնական Երեւանինն է»,-ըսած է ան։
Զախարովան չէ բացառած, որ Պրիւքսէլի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ «Երեւանին պարտադրուած է» փոխարինել ռուս սահմանապահները արեւմտեան մասնագէտներով, ինչպէս նաեւ փոխել կողմնորոշումը Մեծամորի աթոմակայանի կազմաքանդման վերաբերեալ։
Ըստ անոր՝ Արեւմուտքը կը ձգտի Հարաւային Կովկասի մէջ խռովեցնել հարեւանները, իսկ «Հայաստանին կը յատկացնէ միայն գործիքի դեր, որու օգնութեամբ ԱՄՆ-ն եւ ԵՄ-ը կ՚ուզեն նոր մեծ հրդեհ բորբոքել» տարածաշրջանին մէջ: