Ինտոնեզիոյ մէջ G20-ի գագաթնաժողովին ռուսական պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»ին ըսած է Ինտոնեզիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան մամուլի կցորդ Ալեքսանտր Թումայքին։ Անոր խօսքով՝ նախագահ Վլատիմիր Փութինը կրնայ գագաթնաժողովին մասնակցիլ առցանց ձեւաչափով։
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Փութին անձամբ ներկայ պիտի չգտնուի «Մեծ քսանեակի» գագաթնաժողովին, որ պիտի մեկնարկի Պալիի մէջ՝ 15 նոյեմբերին։
Կ'ակնկալուի նաեւ, որ G20 գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Փութին առցանց մասնակցի հանդիպումներէն մէկուն:
Վերջին շրջանին շարք մը լրատուամիջոցներ գրած են Ռուսիոյ նախագահի կողմէ Պալիի մէջ G20-ի հանդիպման մասնակցելու ծրագրերու բացակայութեան մասին, մինչդեռ Քրեմլինը դեռ պաշտօնապէս չէ յայտնած՝ Փութինը գագաթնաժողովին ներկայ պիտի գտնուի, թէ ոչ։