Հայաստանի համար կարեւոր է Ռուսիոյ յստակ դիրքորոշումը Հայաստանի տարածք ներխուժած ատրպէյճանական զօրքերու ելման դիրքեր ետ քաշուելու վերաբերեալ։ Այս մասին Սոչիի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Փաշինեան սահմաններու սահմանագծման եւ սահմանազատման վերաբերեալ նշած է, որ այս գործընթացի սկիզբը Երեւանը բազմիցս ընդգծած է, որ առաջին հերթին անհրաժեշտ է մեքանիզմներ ստեղծել սահմանին կայունութեան եւ անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու համար։
«Ռուսաստանի դիրքորոշումն այն էր, որ սահմանազատման յանձնաժողովի ձեւաւորումը կը դառնայ սահմանների անվտանգութեան մեքանիզմ։ Մենք չկիսեցինք այս դիրքորոշումը, բայց ի վերջոյ որոշեցինք հիմնուել մեր ռազմավարական դաշնակցի՝ Ռուսաստանի մեկնաբանութեան վրայ։ Բայց չնայած դրան, սեպտեմբերի 13-ին Ատրպէյճանը նոր լայնածաւալ յարձակում նախաձեռնեց Հայաստանի դէմ եւ բռնագրաւեց մեր երկրի նոր տարածքներ, այդ իսկ պատճառով հիմա Հայաստանի համար կարեւոր է Ռուսաստանի յստակ դիրքորոշումը՝ ատրպէյճանական զօրքերը 2021 թուականի մայիսի 11-ի դրութեամբ եղած ելման դիրքեր դուրս բերելու անհրաժեշտութեան ձեւակերպմամբ»,-ըսած է Փաշինեան։