image

Ռուսաստանէն կոչ Ատրպէյճանին. Վերադարձ դէպի ելման դիրքեր

Ռուսաստանէն կոչ Ատրպէյճանին. Վերադարձ դէպի ելման դիրքեր

«Լեռնային Ղարաբաղի զինուած կազմաւորումներու ստորաբաժանումներու Փառուխ բնակավայրի տարածքին «Bayrakdar Tb-2» տեսակի անօդաչու թռչող սարքէ 4 հարուած հասցուած է ։ 

Ներկայիս ռուսական խաղաղապահ զօրակազմերու հրամանատարութիւնը միջոցներ կը ձեռնարկէ իրավիճակը կարգաւորելու եւ զօրքերը իրենց նախնական դիրքերը վերադարձնելու համար։ Ատրպէյճանական կողմին զօրքերը դուրս ելլելու կոչ ուղարկուած է։

Ռուս խաղաղապահ զօրակազմը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հերթապահութիւն կ'իրականացնէ 4 երթուղիներով՝ Ասկերանի, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Շուշիի շրջաններուն»։ Ըսուած է ՌԴ ՊՆ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։