image

«Ռուսական С-400-ի մատակարարումը Թուրքիոյ ներքին գործն է». Էրտողան

«Ռուսական С-400-ի մատակարարումը Թուրքիոյ ներքին գործն է». Էրտողան

Ռուսական С-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու մատակարարումը Թուրքիոյ ներքին գործն է, անոնք բացասական բան չեն պարունակեր ՆԱԹՕ-ի նկատմամբ, յայտնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը:

«Անգարայի կողմէ ռուսական С-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերման պայմանագիրը կարեւոր քայլ է Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ համագործակցութեան զարգացման տեսանկիւնէն: Ռուսական համալիրները շատ կարեւոր յարձակողական պաշտպանական համակարգ են: Առաքումները Թուրքիոյ ներքին գործն է: Սա մեր որոշումն է: Մենք այս որոշումը կայացուցած ենք, պայմանաւորուած ենք Ռուսաստանի հետ: Այս քայլը ՆԱԹՕ-ի տեսանկիւնէն որեւէ բացասական բան չի բերեր», ըսած է Էրտողան:

Անոր խօսքով` Հիւսիսատլանտեան դաշինքի անդամ երկիրները «իրաւունք ունին ինքնուրոյն որոշումներ կայացնելու իրենց զինուած ուժերու կարիքներու համար զէնք գնելու վերաբերեալ»:

Ռուսաստանը եւ Թուրքիան 2017 թուականին 2,5 միլիառ տոլարի С-400 ՀՕՊ համակարգերու չորս բաժանմունքներու մատակարարման պայմանագիր ստորագրած են, թրքական կողմին մատակարարումները կատարուած են 2019 թուականի ամրան ու աշնան: 2021 թուականի Օգոստոսի վերջաւորութեան Թուրքիոյ նախագահ Թայիպ Էրտողանը յայտարարած էր, որ չի կասկածիր Ռուսաստանէն երկրորդ С-400 գունդի գնման հարցին մէջ: