image

Ռուսական բանակի Z կերպանշանի թանկերը Կոլանի սահմանին. Ինչ որ պատգա՞մ Իսրայէլին

Ռուսական   բանակի   Z կերպանշանի թանկերը  Կոլանի սահմանին. Ինչ որ պատգա՞մ Իսրայէլին

Օրերս ռուսական լրատուամիջոցները լուսանկարներ հրապարակած են ռուսական պարեկային ուժերու զրահամեքենաներու եւ զինուորներու, որոնք կը շրջին  Սուրիոյ  պատկանող  եւ բռնագրաւուած Կոլանի սահմանի երկայնքին: Անոնք կը կրեն Z նշանը, որ  Ուքրանիոյ մէջ Ռուսական յատուկ գործողութեան խորհրդանշանն է:

 

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ UEPA կայքէն:

Ըստ աղբիւրին, ռուսական ռազմական ոստիկանութիւնը պարեկութիւն սկսած է իրագործել Իսրայէլի հետ սահմանի ապառազմականացուած գօտիին վրայ մօտաւորապէս երկու ամիս ետք ռուսական եւ սուրիական համատեղ օդուժի պարեկութիւնէն ետք։«Օդանաւները թռիչք առին ռուսական «Հմէմէմ» ռազմակայանէն եւ «Ալ Տամիր» օդակայանէն: Սուրիական օդուժին հետ միասին մեր պարեկութեան ուղին Իսրայէլի հետ սահմանի երկայնքին էր, Կոլանի հիւսիսէն հարաւը», յայտարարած Ռուսական Պաշտպանութեան նախարարութիւնը, աւելցնելով, որ  «Ապա օդանաւները շարունակեցին իրենց ուղին Յորդանանի հետ սահմանին վրայ, ուրկէ ուղղուեցան դէպի Եփրատի շրջանը ու հիւսիսը»:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ այն ատեն այս համատեղ օդուժի պարեկութիւնը մեծ արձագանգ գտած էր հրէական լրատուամիջոցներու կողմէ: Իր հերթին իսրայէլեան  «Հաարէթց»-ը գրած էր, թէ «Փութին նախապէս կոչ ըրած էր Իսրայէլին  ամրացնելու  համակարգումը Ռուսաստանին հետ, բայց կարծես թէ ինչ որ տարակարծութիւն կայ  անոնց միջեւ Սուրիոյ  խնդրին  առնչութեամբ», մինչդեռ «The Times of Israel»-ը նշած է, որ  «պարեկներու վերջերս ցուցաբերած  աշխուժութիւնը  կապ  ունի ռուս-ուքրանական սահմանին տիրող լարուածութեան հետ»: