image

Ռուսաց Պատրիարքը պարգեւատրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը

Ռուսաց Պատրիարքը պարգեւատրեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարք Քիրիլի հետ: Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդը, ընդունելով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, յոյս յայտնած է, որ Գարեգին Բ.-ի այցը պիտի նպաստէ Ռուս Ուղղափառ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման:

«Ռուս եւ Հայ եկեղեցիները բազմադարեայ կապեր ունին, եւ մեր ժողովուրդները նաեւ միասին ապրած են մէկ երկրի տարածքին մէջ, եւ երբ երկիրները դարձան ինքնիշխան, բարեբախտաբար, բարեկամական յարաբերութիւնները Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ պահպանուեցան: Եւ ես կը կարծեմ, որ շատ առումներով այդ պայմանաւորուած է մեր եկեղեցիներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններով», ըսած է Պատրիարք Քիրիլ:

Ռուս Եկեղեցւոյ հոգեւոր պետը նաեւ պարգեւատրած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը՝ Ռուսաց Եկեղեցւոյ «Փառքի եւ պատիւի» առաջին աստիճանի բարձր շքանշանով՝ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ Մոսկուայի Պատրիարքարանին միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ ներդրած աւանդին համար եւ Հայոց Հայրապետին 70-ամեակին առիթով:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ նշած է, որ երկու ժողովուրդներուն եւ եկեղեցիներուն միջեւ դարաւոր բարեկամութիւնը դրսեւորուած է թէ՛ դժուարին ժամանակներուն, եւ թէ՛ վերելքի ընթացքին: Կաթողիկոսը փաստած է՝ այսօր բարդ ու դժուարին ժամանակներ են մեր երկրին եւ ժողովուրդին համար: «Մենք հաւատում ենք, որ Աստծոյ զօրակցութեամբ եւ մեր հաւատքի շնորհիւ այս փորձութիւնը եւս պիտի յաղթահարենք մեր ժողովրդի հետ միասին եւ բարեկամ մեր երկրների եւ ժողովրդների հետ, առաջին հերթին՝ Ռուսաստանի եւ Ռուսաց Ուղղափառ եկեղեցու: Մենք լիայոյս ենք, որ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին մի օր բարձրաստիճան եկեղեցական մշտական ներկայութիւն կ'ունենայ Հայաստանում եւ աւելի կնպաստի մեր կապերի զօրացմանն ու մեր գործակցութեան խորացման», եզրափակած է Կաթողիկոսը: