Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի զինուորները կազմակերպած են հասցէական մարդասիրական օգնութեան փոխանցումը Լեռնային Ղարաբաղի Ստեփանակերտ քաղաքի բազմազաւակ ընտանիքներուն:
Կը հաղորդուի, որ մարդասիրական աշխատանքներու ծիրին մէջ ռուս խաղաղապահները տաք հագուստ, իրեր փոխանցած են 7 անձէ բաղկացած բազմազաւակ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ կենցաղային իրեր, դեղամիջոցներ եւ պարէնային փաթեթներ:
Տարեսկիզբէն աւելի քան 50 ընտանիք հասցէական մարդասիրական օգնութիւն ստացած են ռուս խաղաղապահներէն: Մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի սպաները բնակիչներու կը փոախնցեն առաջին անհրաժեշտութեան իրեր` հագուստ, կօշիկ երեխաներու եւ մեծահասակներու համար, պարէնային փաթեթներ, սպիտակեղէն, բարձեր, ծածկոցեր եւ անհատական դեղատուփեր: