Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կ'աւելցնէ ռազմական օգնութիւնն Ուքրանիոյ՝ տրամադրելով սպառազինութիւն, որ հնարաւորութիւն կու տայ հարուածներ հասցնել Ռուսիոյ տարածքի խորքերուն։ Այս մասին Fox News-ի եթերով յայտարարած է ՆԱԹՕ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մաթիու Ուիթաքըր։
«Մենք Ուքրանիոյ կը փոխանցենք միջոցներ, որոնք թոյլ կու տան աւելի խոր հարուածներ հասցնել։ Եւ ամենայն հաւանականութեամբ, ուքրանացիները պիտի օգտագործեն զանոնք»,– նշած է դիւանագէտը։
Ուիթաքըրի խօսքով՝ մօտ մէկ միլիառ տոլարի նոր զինամթերքի խմբաքանակն արդէն ուղարկուած է Ուքրանիա։ Բացի այդ, Ուաշինկթըն իւրաքանչիւր ամիս Քիեւին պիտի տրամադրէ եւս շուրջ մէկ միլիառ տոլարի մատակարարումներ՝ ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներու հաշուոյն։
«Նախագահ Թրամփն առաջին հերթին հոգ կը տանի այն մասին, որ Ուքրանիան կարողանայ շարունակել պաշտպանուիլ։ Հարուածային ներուժի ուժեղացումը կ'օգնէ նաեւ յարձակողական գործողութիւններուն»,– ընդգծած է դեսպանը։