Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի զինծառայողները նախատօնական միջոցառումներու ծիրէն ներս բարերարներու հետ մարդասիրական գործունէութիւն իրականացուցած են Լեռնային Ղարաբաղի հեռաւոր շրջաններէն մէկուն մէջ:
Ինչպէս յայտնած է ՌԴ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը, մարդասիրական արձագանգման կեդրոնի մասնագէտները շնորհաւորած եւ նուէրներ յանձնած են Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի դպրոցի աւելի քան 800 երեխայի:
Տօնական օրերուն, ռուս խաղաղապահներն ու բարերարները մօտ 70 մարդասիրական գործունէութիւն կ'իրականացնեն եւ մօտ 8000 նուէր կը յանձնեն Լեռնային Ղարաբաղի՝ կողմերու սահմանզատման գիծի մօտակայքը գտնուող հեռաւոր շրջաններու երեխաներուն: