image

Երեւան. Ներսես քհնյ. Ներսիսեանի նոր նուէրները Մաշտոցի անուան մատենադարանին

Երեւան. Ներսես քհնյ. Ներսիսեանի նոր նուէրները Մաշտոցի անուան մատենադարանին

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատուոյ դոկտ. Ներսէս աւագ քահանայ Ներսիսեան նոր նուիրատւութիւն մը ըրած է «Մեսրոպ Մաշտոց» Մատենադարանին։

Լոնտոնաբնակ հայագէտը իր որդւոյն՝ Տիրան Ներսիսեանի միջոցով, Մատենադարանին յանձնած է 1861-ին Պաղտատի մէջ գրուած «Յիշատակարան սերնդոց Տէր Գաբրիէլի Երեւանցւոյ» ձեռագիրն ու յարակից արժէքաւոր վաւերագրերը, որոնք հարուստ տեղեկութիւններ կը հաղորդեն Իրաքի հայ համայնքի պատմութեան մասին։