Սուրիական Ռաքքա քաղաքի Ալ Ֆիրտաուս հրապարակը նախապէս հռչակաւոր էր, ըլլալով այն վայրը, ուր «Իսլամական Պետութիւն»ը մահապատիժի կ'ենթարկէր իր զոհերը եւ հանրութեան կը ցուցադրէր անոնց գլուխները: Սակայն ներկայիս հոն բացուած է նոր սրճարան մը, որ կը կոչուի «Nutella House»:
Նորակառոյց սրճարանը, որ վերջերս կառուցուած է փլատակ դարձած շէնքի մը կողքին, որ աւերուած էր տարիներ շարունակ Ռաքքան հարուած հրթիռակոծութեան հետեւանքով: Սրճարանը դարձած է բացայայտ փոփոխութիւններու եւ բարգաւաճման դրսեւորում մը, որոնց ականատես դարձած է քաղաքը վերջին շրջանին:
Բրիտանական «The Times» թերթի թղթակից Ռիչըրտ Սփենսըր Ռաքքա քաղաքէն այսպէս սկսած է իր պատրաստած զեկոյցը, լուսարձակի տակ առնելով այն բարգաւաճումը, որուն ականատես կը դառնայ սուրիական քաղաքը, որ «Իսլամական Պետութիւն» կազմակերպութիւնը ժամանակ մը զայն դարձուցած էր իր մայրաքաղաքը։
«The Times»-ը կը նշէ, որ «Իսլամական Պետութիւն» կազմակերպութեան նախկին մայրաքաղաքը, որ ՏԱՀԷՇ-ի գերիներու ցուցադրութեան եւ անոնց մահապատիժի ենթարկման հրապարակ դարձած էր, խմբաւորման առաջնորդ Մոհամմատ Էմուազիի կողմէ (ծանօթ՝ «ճիհատական Ճոն» ծածկանունով), այժմ անոր փողոցները խճողուած են մարդոցմով եւ հոն կը յայտնուին նոր ճաշարաններ ու խանութներ:
Ըստ քաղաքի տեղական պատասխանատուներուն, Ռաքքայի բնակչութեան քանակը այժմ կը գերազանցէ այդ թիւը, որ էր նախքան պատերազմին սկիզբը, եւ այն դարձած է անվտանգ վայր մը, ուր կ'այցելեն երկրի զանազան շրջաններուն մէջ գոյութիւն ունեցող պատերազմի դժոխքէն եւ աղքատութենէն փախչող բազմաթիւ սուրիացիներ:
Անվտանգ վայր՝ հակառակ աւերածութեան
Թերթին թղթակիցը հանդիպած է քաղաքի որոշ բնակիչներուն հետ, որոնց 80 տոկոսին բնակարանները մասամբ աւերուած են ռմբակոծութիւններու եւ կատաղի մարտերու պատճառով, ինչ որ յանգեցուցած է քաղաքէն ՏԱՀԷՇ-ի արտաքսման։
Սուրիոյ քաղաքացի Ճունիա Սայան, որ իր երեխաներուն հետ Ռաքքա տեղափոխուած է Դամասկոսի մերձակայքը գտնուող՝ Ասատի վարչակարգին վերահսկողութեան տակ եղող գիւղէ մը, ըսած է, որ «ներքին տնտեսական վիճակը սարսափելի է... տունս աւերուած է պատերազմին ընթացքին, եւ այնտեղ աշխատանք չկայ, իսկ գիները շատ բարձր են, ուստի մենք եկած ենք այստեղ»:
Հակառակ բազմաթիւ աւերակներուն, որոնք տակաւին քաղաքի տեսարանին եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներուն գերիշխող պատկերն են, երբ իշխանութիւնները կանոնաւորաբար կը ձերբակալեն այն մարդիկը, որոնց կը նկարագրեն որպէս ՏԱՀԷՇ-ի քնած բջիջներ, Ռաքքան համեմատաբար աւելի լաւ վիճակի մէջ է, քան միւս քաղաքները՝ Սուրիոյ հիւսիսարեւմտեան եւ հարաւային շրջաններուն մէջ, ուր մարտերը դեռ կը շարունակուին, եւ տնտեսութեան փլուզումը գերակշիռ է այն տարածքներուն մէջ, ուր կ'իշխեն նախագահ Պաշշար Ասատի ուժերը: