image
Հրատապ լուրեր:

«Քովիտ»ը կը մոլեգնի Վրաստանի մէջ

«Քովիտ»ը կը մոլեգնի Վրաստանի մէջ

«Քորոնա» ժահրի տարածման կշռոյթի պատճառով Վրաստանը վերադարձած է «կարմիր» գօտի. երկրին մէջ կրկին մտադիր են պարտադրել քաղաքացիներուն պաշտպանիչ դիմակներ կրել բաց տարածքներուն մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Эхо Кавказа պարբերականը:

«Այժմ մենք «կարմիր» գօտիի մէջ ենք: Սա տագնապի գլխաւոր պատճառներէն մէկն է, եւ պէտք է համապատասխան միջոցառումներ ընդունուին»,- յայտարարած է Վրաստանի Հիւանդութիւններու վերահսկման ազգային կեդրոնի ղեկավար Ամիրան Կամքրելիձեն:

Անոր խօսքով՝ ներկայիս համաճարակաբանական իրավիճակը Վրաստանի մէջ նման է հոկտեմբերի վերջ-նոյեմբերի սկիզբը եղած վիճակին, որով պայամանւորուած՝ այն մեծ ուշադրութեան արժանի է:

Կամքրելիձեն նաեւ կոչ ըրած է բնակչութեան պատուաստուելու:

 

Վրաստանի մէջ վերջին մէկ օրուան ընթացքին արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 2616 նոր դէպք, որ 2020 թուականի 22 դեկտեմբերէն ի վեր առաջին խոշորագոյն ցուցանիշն է: Համավարակի ողջ ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած է աւելի քան 390 հազար մարդ, մահացած է՝ աւելի քան 5500: