image

«Քովիտ»ի սահմանափակումները պիտի հանուի՞ն

«Քովիտ»ի  սահմանափակումները պիտի հանուի՞ն

Բացառուած չէ, որ Յունուար 22-էն ուժի մէջ մտած սահմանափակումները հանուին: Այս մասին ըսաւ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեանը:

Անոր խօսքով, բոլոր սահմանափակումները «ժամանակաւոր բնոյթ կը կրեն եւ միտուած են այդ ընթացքին որոշակի խնդիր լուծելուն եւ որոշակի նպատակի հասնելուն»:

Աւանեսեանի խօսքով, Յունուարին «Օմիքրոն»ի արագ տարածման պարագային սահմանափակումները «որոշակի զսպող մեխանիզմ դարձան եւ ինչ-որ առումով խթանեցին պատուաստումները»:

«Սահմանափակումների մասով մեր մասնագիտական թիմը վերլուծում է, թէ Մարտի 1-ից ինչ փոփոխութիւններ պիտի անենք: Յառաջիկայ շաբաթուայ ընթացքում կ'իրազեկենք, թէ որ սահմանափակումները կը մնան, որոնք դուրս կը գան», ըսաւ նախարարը: