image

«Քովիտ»ի հարցով Հայաստանի տրամադրած վկայագիրը ԵՄ-ի կողմէ ընդունելի

«Քովիտ»ի հարցով Հայաստանի տրամադրած վկայագիրը ԵՄ-ի կողմէ ընդունելի

Եւրոյանձնաժողովը 28 Հոկտեմբերին երկու նոր որոշում ընդունած է՝ հաստատելով, որ Հայաստանի եւ Միացեալ Թագաւորութեան ներկայացուցած Քովիտ-վկայագրերը համարժէք են ԵՄ թուային Քովիտ-վկայագրերուն: Որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ 29 Հոկտեմբերէն:

Որոշման հետեւանքով Հայաստանն ու Մեծն Բրիտանիան պիտի միանան ԵՄ համակարգին, եւ անոնց տրամադրած վկայագրերը պիտի ընդունուին Եւրոպական Միութեան մէջ նոյն պայմաններով, ինչ թուային վկայագիրը:

Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանն ու Միացեալ Թագաւորութիւնը համաձայնած են ճանչնալ ԵՄ թուային վկայագրերը եւրոպական երկիրներէ ճանապարհորդներ ընդունելու առումով:

Ըստ Եւրոյանձնաժողովի ներկայացուցիչ Տիտիէ Ռեյնտըրսի՝ ներկայիս 4 ցամաքամաս ներկայացնող 45 երկիր միացած են թուային Քովիտ-վկայագրի համակարգին: