image

Քուրսքի մէջ Ուքրանական ուժերը առաջընթաց ունին

Քուրսքի մէջ Ուքրանական ուժերը առաջընթաց ունին

Քուրսքի շրջանին մէջ Ուքրանիոյ Զինուած ուժերը առաջընթաց ունին։

Այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու հրամանատար Սիրսքի։

«Քուրսքի շրջանի մէջ առաջխաղացումը որոշ ուղղութիւններով 1-3 քմ. առաջընթաց ունի», - ըսած է Սիրսքի։

Սիրսքի Զելենսքիին ըսած է, որ արեւելեան ճակատին վրայ էական փոփոխութիւններ չեն եղած, կը շարունակուին ծանր մարտերը Փոքրովսքի եւ Թորեցքի ուղղութիւններով։