Հայաստանի մէջ Նոյեմբեր 1-ի, ժամը 11:00-ի դրութեամբ հաստատուած է «Քովիտ» հիւանդութեան ընդհանուր 309.397 դէպք, որմէ 270.741-ը` առողջացած: Փաստացի բուժում կը ստանայ 30. 978 բուժառու:
Վերջին մէկ օրուան մէջ կատարուած է 12.835 քննութիւն, հաստատուած է 1071 նոր դէպք, առողջացած է 1641 մարդ, մահացած՝ 51:
Ընդհանուր առմամբ, մինչ այսօր «Քովիտ»ի հետեւանքով 6379 մահուան դէպք արձանագրուած է: Այլ հիւանդութեան պատճառով մահուան դէպքերու ընդհանուր թիւը 1299 է:
Համաճարակային իրավիճակի լոյսին տակ, Հայաստանը 29 Հոկտեմբերէն դասուած է շատ բարձր վտանգի գօտիի երկիրներու շարքին։
Հոլանտայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը յայտնած է, որ անոր հետ կապուած՝ Հայաստանէն Հոլանտա մեկնելու նոր կանոններ սահմանուած են։ Որոշ մարդոց համար կը գործէ եւրոպական մուտքի արգելք, որ կը խոչընդոտէ Եորոմիութիւն կամ Շենկէն գօտիի տարածք անոնց մեկնիլը։
Պատուաստումը պարտադրելը ցանկալի չէ
Վրաստանի մէջ «Քորոնա»ի տարածման 5-րդ ալիքն է, երկրին մէջ ամբողջութեամբ պատուաստուած է բնակչութեան աւելի քան 32%-ը։
Վրաստանի առողջապահութեան նախարարը քաղաքայիններուն եւս մէկ անգամ կոչ ըրած է պատուաստուելու եւ պահպանելու հակահամաճարակային կանոնները։
Առողջապահութեան նախարարը օրերս յայտնած է, որ պատուաստումը պարտադրելը շատ աւելի բացասական արդիւնք պիտի ունենայ։ Ան նշած է, որ Վրաստանը սկսած է պատուաստումը խրախուսող մարաթոն։
«Բացի մարաթոնէն, կարեւոր է նաեւ 60 տարեկանէն բարձր քաղաքայիններու պատուաստումը։ Անոնց կը սպառնայ վարակուելու ամենամեծ վտանգը, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցային պարագայ դառնալու եւ ապա մահուան ելքով վարակուելու ամենաբարձր վտանգը», ըսած է ան։
Վրաստանի հիւանդութիւններու վերահսկման ազգային կեդրոնի ղեկավարը աւելի վաղ յայտնած է, որ պարտադիր պատուաստման հարցը լուծում պիտի ստանայ Նոյեմբերին։
Վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին ալ բացառած է պարտադիր պատուաստումները՝ նշելով, որ քաղաքայիններուն ուղղակի պէտք է համոզել։
Կարանտին մինչեւ 2022-ի Յունուար 1
Ատրպէյճանի կառավարութեան որոշմամբ՝ «Քովիտ» համավարակի կապակցութեամբ սահմանուած կարանտինի յատուկ կարգը կ'երկարաձգուի մինչեւ 2022 թուականի Յունուար 1:
Ատրպէյճանի մէջ կը բնակի շուրջ 10 միլիոն 260 հազար մարդ, «Քորոնա»ով վարակուած է մօտ 525 հազար բնակիչ, մահացած է շուրջ 7 հազար հիւանդ, այս պահին բուժում կը ստանայ շուրջ 29 հազար հիւանդ:
Օգտուած ենք «Ալիք-մէտիա» կայքէն։