image
Հրատապ լուրեր:

Քոլորատոյի դատարանը Թրամփին արգիլած է առաջադրուիլ

Քոլորատոյի դատարանը Թրամփին արգիլած է առաջադրուիլ

Քոլորատոյի գերագոյն դատարանը աննախադէպ որոշում կայացուցած է, համաձայն որու Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ չի կրնար առաջադրուիլ 2024 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն։ Դատարանը այդ հիմնաւորած է անով, որ Թրամփ ներգրաւուած եղած է խռովութեան մէջ, որ սահմանադրութեամբ արգիլուած է պետական պաշտօն զբաղցնող անձի համար։

CNN-ը հաղորդած է, որ որոշումն ընդունուած է ձայներու 4 կողմ, 3 դէմ յարաբերակցութեամբ։ Այսպիսով, Տանըլտ Թրամփ Քոլորատօ նահանգին մէջ չի կրնար մասնակցիլ Հանրապետական կուսակցութեան ներկուսակցական ընտրութիւններուն, որոնք պէտք է տեղի ունենան մարտի սկիզբը եւ որոնց արդիւնքով պէտք է կուսակցութիւնն առաջադրէ նախագահական ընտրութիւններու իր թեկնածուն։

Տանըլտ Թրամփ կրնայ բողոքարկել այս որոշումը եւ դիմել Միացեալ Նահանգներու գերագոյն դատարան։

Քոլորատոյի դատարանի այս որոշմամբ Թրամփ պատասխանատու կը համարուի 2020 թուականի ընտրութիւններու արդիւնքները տապալելու փորձի մէջ. 2021-ի յունուար 6-ի Թրամփի աջակիցները ներխուժած էին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի շէնք, որու հետեւանքով 5 մարդ մահացած էր։