ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան պիտի մասնակցի 5 նոյեմբերի միասնութեան հանրահաւաքին: Այս մասին յայտնած է ՀՀ երկրորդ նախագահի գրասենեակի ղեկավար Բագրատ Միկոյեան:
Յիշեցնենք, որ ի պաշտպանութիւն Արցախէն հնչեցուած պահանջներու՝ 5 նոյեմբերին ժամը 15-ին, Ֆրանսայի հրապարակին մէջ միասնութեան հանրահաւաք հրաւիրուած է: