image

«Քրիստոնէութիւնը թոյլերու կրօն չէ, այլ՝ ուժեղներու, քաջերու եւ գործի կրօն է» Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեան

«Քրիստոնէութիւնը թոյլերու կրօն չէ, այլ՝ ուժեղներու, քաջերու եւ գործի կրօն է» Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեան

Ռումանիոյ Թեմի Առաջնորդ, Պուլկարիոյ Թեմի  Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ.Տաթեւ  Եպս. Յակոբեանի բացառիկ հարցազրոյցը՝ «ՊԱՅՔԱՐ»ին։

Ռումանիոյ դարաւոր գաղութին մասին տարբեր առիթներով լսած եմ։ Լսած եմ այնտեղ «հանգչած» պատմական անցեալին մասին, վանքերուն, եկեղցիներուն եւ մէկ խօսքով մեր հոգեւոր ժառանգութեան մասին։ Այդ բոլորը անշուշտ կը հարստացնեն մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը, ու կերպով մըն ալ կը դառնան մեր ժողովուրդի իմացական երեսակի իրական այցեքարտերը։ Անշուշտ այդ բոլորին կողքին կարեւոր դեր կը կատարեն այն գործիչները, որոնք տիւ եւ գիշեր կը գործեն պահել-պահպանելու համար մեր հոգեւոր ժառանգութիւնը։

 Ի դէպ Ռումիանիոյ թեմին մասին հետաքրքրութիւնս աւելիով առանցքային դարձաւ նկատել ետք, որ այդ դարաւոր թեմը այս տարի նշեց իր հիմնադրութեան 620-րդ տարեդարձը պատեհ առիթ մը տալով նուաստիս, որպէսզի հարցազրոյց մը կատարեմ թեմի առաջնորդ* Գերշ. Տ. Տաթեւ եպս. Յակոբեանին հետ։ 

 Գործին հաւատացող, քչախօս, կրօնական իր առաքելութեան մէջ ամբողջութեամբ կայացած հոգեւորական, որուն համընդհանուր ճիգերուն շնորհիւ է նաեւ, որ այսօր Ռումանիոյ տարբեր եզերքներուն վրայ կանգուն կը պահուին մեր եկեղեցիները, վանքերն ու հաւատքի ամրոցները։

Ստորեւ Տ. Տաթեւ եպս.ին հետ «Պայքար»ին համար կատարուած հարցազազրոյցը՝ ամբողջութեամբ։

-Աստուած օգնական Սիրելի Սրբազան Սրբազան Հայր, վերջերս կարեւոր այցով մը կը գտնուէիք Հայաստան ՝ Մայր Աթոռ։ Ի՞նչ էր այցին հիմնական նպատակը եւ ինչպէ՞ս կը գնահատէք արդիւնքները։

Աստուած պահապան Ձեզ։ Շնորհակալ եմ հարցազրոյցին համար։

Ըսեմ, որ Հայաստան այցելութեանս հիմնական նպատակը Ռումանիոյ հայոց թեմի հիմնադրման 620-ամեակին նուիրուած միջոցառումներն էին, որոնք կազմակերպած էինք Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ։ Նախ, 11 Յուլիսին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի՝ «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանին մէջ տեղի ունեցաւ, Տիրախնամ մեր թեմի 620 ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էր նաեւ Ռումանիայէն ժամանած պատուիրակութիւն մը՝ Կրօնից նախարար, տիար Վիկքթոր Օփասքիի եւ Ռումանիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարքական փոխանորդ՝ գերշ․ Տ․ Վառլամ եպիսկոպոս Փլոիէշթիանուի գլխաւորութեամբ։ Իսկ 12 Յուլիսին, նախ՝ Երեւանի Պետական Համալսարանի Աստուածաբանութեան կաճառին մէջ տեղի ունեցաւ Ռումանիոյ Եկեղեցւոյ Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Դանիէլի «Խնդութիւն եւ հաւատարմութիւն» Աստուածաբանական խորհրդածութիւններու գիրքի հայերէն թարգմանութեան շնորհահանդէսը, ապա Մաշտոցեան Մատենադարանին մէջ, «Ռումանիոյ հայոց թեմի գանձերը» խորագիրը կրող, երկլեզու պատկերագիրքի շնորհանդէսը։

Մեր նախաձեռնութիւնը՝ Հայրենիքէն ներս, թեմի 620 ամեակը նշելու եւ վերոնշեալ գիրքերու շնորհահանդէսները կազմակերպելու առընչութեամբ, մեծ արձագանգ գտաւ Հայաստանի հասարակութեան, ՀՀ պետական եւ մշակութային կառոցներուն, այնպէս ալ տեղի մամուլին եւ հեռուստաընկերութիւններուն մէջ, որուն ապացոյցը մեծ թիւով հարցազրոյցներն ու լուսաբանումներն էին, ինչպէս նաեւ քանի մը շարք «ռեփորթաժ»ներու հեռարձակումը, տարբեր հեռուստաալիքներով։

Կրնայ ըլլալ, որ հարց ծագի, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի մէջ կազմակերպեցինք բոլոր այդ միջոցառումները։ Անշուշտ այդ պատահական չէր։ Հայաստանը եւ հայ հասարակութիւնը շատ քիչ բան գիտէ Սփիւռքի մասին, ինչպէս նաեւ Ռումանիոյ հայոց թեմի բազմադարեան պատմութեան, եւ մեր նախնիներուն թողած հսկայածաւալ ժառանգութեան մասին։ Մեր նպատակն էր, որ այդ ժառանգութիւնը, պատմութիւնը ներկայացուի հայ հասարակութեան, հնարաւորութիւն ընձեռնուի, ոչ միայն ծանօթանալու այդ ժառանգութեան, այլ նաեւ դուռ բանալու յետագայ ուսումնասիրութիւններու եւ հետազօտութիւններու համար։ Պատկերագիրքի հրատարակութեամբ, մենք ոչ միայն ներկայացուցինք թեմի ողջ պատմական, մշակութային, եկեղեցական հարուստ ժառանգութիւնը, այլ նաեւ ցոյց տուինք, որ Սփիւռքը մնայուն յարատեւութիւն է հայ կեանքին մէջ եւ այդ առումով՝ չափազանց կարեւոր է Հայաստան-Սփիւռք կապը եւ սերտ համագործակցութիւնը։ 

-Տարբեր առիթներով խօսուած է այն մասին, որ Ռումանիոյ մէջ հայոց պատկանող մեծ ժառանգութիւն մը կայ. եւ այսօր, ի բախտաւորութիւն մեզի բոլորիս, ձեր անմնացորդ ճիգերուն շնորհիւ կարելի եղած է վտանգուած գանձերէն շատ-շատերը փրկել ու նաեւ նոր թափ հաղորդել այդ ափերուն մեր եկեղեցական գործունէութեան։ Խնդրեմ Սրբազան Հայր, ցարդ ի՞նչ են ամենակարեւոր ձեռքբերումները, որոնք իրականութիւն դարձան։

Իրապէս մեծ ժառանգութիւն կայ Ռումանիոյ մէջ։ Թեմի ենթակայութեան տակ են այսօր, շուրջ 18 հայկական եկեղեցի, 2 վանք, 1 բերդ, 8 հայկական գերեզմանոց, Յովսէփ եւ Վիքթորիա Դուդեան մշակոյթի կեդրոնը, ուր տեղաւորուած են հարուստ թանգարան ու գրադարան։ Գրադարանին մէջ, 2000 հնատիպ գիրք պահուած է, նախայովնաթանեան շրջանի 200-300 սրբանկար, շատ հարուստ եկեղեցական սպասք, 

7 եկեղեցական վարագոյր, որոնք մեծ արժէք կը ներկայացնեն: Ունինք մօտաւորապէս 60 ձեռագիր, 300 տարուայ արխիւ, 400 տարուայ միւռոն: Ռումանիոյ հայկական գերեզմանոցներն անգամ թանգարան են. բոլոր արձանները, տապանաքարերը Վիէննայէն բերուած են:

Առաջնորդ ընտրուելէն անմիջապէս յետոյ, մեր առաջին գործը եղաւ, այդ ամբողջ ժառանգութիւնը ուսումնասիրել եւ հաւաքել Պուխարեստի մէջ, թեմի թանգարանի հովանիին տակ։ Հայաստանէն, Ֆրանսայէն, Գանատայէն բազմաթիւ գիտնականներ, արուեստաբաններ, մշակոյթի վաստակաւոր գործիչներ, արուեստագիտութեան դոկտոր փրոֆեսորներ, լուսանկարիչներ հրաւիրեցինք Ռումանիա, որոնք ուսումնասիրեցին այդ ժառանգութիւնը, լուսանկարեցին եւ ամբողջը հրատարակեցինք մէկ պատկերագիրքի մէջ, որ իւրատեսակ հանրագիտարան կը հանդիսանայ Ռումանիոյ հայոց բազմադարեան մշակութային ու հոգեւոր ժառանգութեամբ հետաքրքրուողներուն եւ հանրութեան լայն շրջանակներուն համար: Հիմնանորոգեցինք թանգարանը՝ ստեղծելով առաւել բարենպաստ պայմաններ, թուայնացուցինք թեմի ամբողջ արխիւը, ձեռնամուխ եղանք հնատիպ գիրքերու, ձեռագիրներու եւ սրբանկարներու նորոգման ու վերականգնման աշխատանքներուն։ 

2019-ի Նոյեմբերին, մեր թեմի եւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի, Երեանի Մաշտոցեան Մատենադարանի միջեւ ստորագրեցինք գիտակրթական համագործակցութեան յուշագիր, որ թոյլ կու տայ մեզի մասնագէտներ հրաւիրելու Հայաստանէն եւ իրականացնելու թանգարանի վարագոյրներու եւ այլ իրերու նորոգութիւնն ու վերականգնման աշխատանքները, գրադարանին մէջ պահուող ձեռագիրներու ուսումնասիրութիւնը, նորոգման ու հրատարակման աշխատանքները: Ամենակարեւորն այն է, որ մենք գիտենք, թէ ինչ ունինք, գիտենք մեր ունեցածին արժէքը եւ ջանք ու եռանդ չենք խնայեր այդ ամէնը պահելու եւ գալիք սերունդներուն փոխանցելու համար։

-Նկատեցինք նաեւ, որ Ռումանիոյ Օրթոտոքս (Ուղղափառ) եկեղեցին, մեծ յարգանք կը տածէ մեր եկեղեցւոյ հանդէպ։ Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք այդ յարաբերութիւնները եւ արդեօք առկայ կապերը աւելիով զարգանալու տեղ ունի՞ն։

Երկու Եկեղեցիներու միջեւ ջերմ յարաբերութիւններու հիմքը դրուած է երջանկայիշատակ Վազգէն Ա Հայրապետի օրօք, որ ռումանահայ էր եւ ռումանահայոց թեմի առաջնորդ եղած տարիներուն կրցաւ ջերմ յարաբերութիւններ ստեղծել Ռումանիոյ եկեղեցւոյ հետ։ Ապա այդ յարաբերութիւնները շարունակեցին եւ խորացուցին երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Հայրապետը, եւ ներկայիս՝ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Հայրապետը, որ իր գահակալութեան տարիներուն արդէն 3 անգամ հովուապետական այցով գտնուած է Ռումանիա։

Մենք եւս, իբրեւ առաջնորդ, աշխոյժ համագործակցութիւն ունինք Ռումանիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ հետ, միջնորդ ենք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի եւ Ռումանիոյ Պատրիարքութեան միջեւ՝ աւելի խորացնելու համար երկու եկեղեցիներու միջեւ եղբայրական յարաբերութիւնները եւ համագործակցութիւնը: Ծրագիրներ կան, յատկապէս կրթական հաստատութիւններու եւ ճեմարաններու միջեւ կապերու ամրապնդման, ուսանողներու փոխանակման, բանակի եւ քրէակատարողական հիմնարկներու հոգեւոր սպասաւորութեան կարեւոր առաքելութեան մէջ, փորձի փոխանակման, ընկերային ծրագիրներու իրականացման, համատեղ ու փոխադարձ ուխտագնացութիւններու կազմակերպման եւ այլ ոլորտներու մէջ: Սերտ յարաբերութիւններու մասին կը վկայէ նաեւ մեր նախաձեռնութեամբ՝ Նորին Սրբութիւն՝ Դանիէլ Պատրիարքի «Խնդութիւն եւ հաւատարմութիւն» Աստուածաբանական խորհրդածութիւններու գիրքին հայերէն թարգմանութիւնը եւ շնորհահանդէսը՝ Երեւանի մէջ, որուն մասին արդէն վերը նշեցինք։

 

 

-Քրիստոնէական աշխարհը մեծ նահանջ կ՚ապրի։ Նահանջ կ՚ապրի յատկապէս Արեւմուտքի սիրտ համարուող եւրոպական ափերուն։ Ձեր կարծիքով՝ ի՞նչ են այդ նահանջի հիմնապատճառները եւ այդ մեծ ովկիանոսին մէջ, որպէս Եւրոպական երեք թեմերու Առաջնորդ ի՞նչ հիմքերով կը շարունակէք «Թիավարել»։

Նախ, Ռումանիոյ մէջ նահանջը մեծ չէ, քանզի Արեւելեան Եվրոպայի մէջ դրութիւնը քիչ մը տարբեր է Արեւմտեան Եւրոպայի հետ համեմատած։ Բայց ընդհանուր առմամբ, նահանջի հիմնապատճառներէն կրնանք առանձնացնել հետեւալները․

Ա․ Նախ՝ եկեղեցի-պետութիւն անջատման փորձը, աշխարհիկ պետութիւն հասկացողութեան սխալ ըմբռնումը, քանզի ի վերջոյ երկուքին նպատակն ալ նոյնն է՝ մարդուն բարեկեցութիւնը, հասարակութեան մէջ ճիշտ արժեհամակարգի սերմանումը, որ հնարաւոր կը դառնայ միայն եթէ պետութիւնն ու եկեղեցին համագործակցին և երկխօսութեան մէջ ըլլան, ինչ որ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ թերեւս չկայ։

Բ․ Երկրորդ պատճառը համաշխարհայնացումն է, կամ «կլոպալիզացիա»ն։ Եւրոպական փիլիսոփայական մտածողութեան մէջ, մարդը պէտք է ըլլայ աշխարհիկ, այսինքն՝ անջրպետ դրուած է Աստծոյ եւ մարդու միջեւ, խզուած է Աստուած-մարդ կապը՝ մոռնալով, որ մարդը հոգեւոր էակ է, ստեղծուած Աստծոյ պատկերով ու նմանութեամբ, հետեւաբար այդ բաժանումը արհեստական է եւ մարդը կը մղէ չարագործութեան։

Գ․ Երրորդ պատճառն այն է, որ Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ ստեղծուած է նոր փիլիսոփայութիւն մը՝ Աստուած դարձած է մարդու սեփականութիւնը, կորսուած է համայնքային գաղափարախօսութիւնը, մարդ-համայնք-Աստուած կապն այլեւս չկայ, Աստուած դարձած է «իմ Աստուածս», եւ ոչ թէ «մեր Աստուածը»։

Դ․ Չորրորդ պատճառն այն է, որ մարդը ինքնիր համար ստեղծած է նոր կրօն մը՝ նոր գաղափարախօսութիւն մը, որուն միջոցով ինքն է, որ կը թելադրէ Աստծոյ։ Ըստ այդ մտածողութեան, Աստուած ներողամիտ է եւ ինչ մեղք ալ մարդ գործէ, Աստուած պարտաւոր է ներելու։

Ե․ Հինգերորդ պատճառն այն մտածողութիւնն է, որ տարածուած է վերջին ժամանակներուն, թէ՝ «Ես հաւատացեալ եմ, բայց ոչ եկեղեցի յաճախող, ոչ գործնական հաւատացեալ»։ Այս վտանգաւոր է, քանի որ հաւատքի արտայայտութիւնը նաեւ եկեղեցի երթալով է։ Միայն եկեղեցւոյ մէջ է, որ Քրիստոս կը զոհաբերուի Սուրբ Սեղանին վրայ, պատարագ կը կատարուի մեր մեղքերուն համար եւ հաւատացեալի՝ քրիստոնեայի միութիւնը Քրիստոսի հետ տեղի կ՚ունենայ եկեղեցւոյ մէջ՝ Տիրոջ փրկարար Մարմնին ու Արեան հաղորդութեան ընդունումով։

Անշուշտ այլ պատճառներ եւս կան, ու մեր թուարկածները պարզապէս հիմնականներն են։ Մենք պէտք է ուժեղ եւ միասնական ըլլանք, որպէսզի կարենանք թիավարել այս մեծ ովկիանին մէջ։ Կարեւոր է, որպէսզի ունենանք պատմական յիշողութիւն, քանզի դարեր ու հազարամեակներ գոյատեւած ենք նաեւ եկեղեցւոյ շնորհիւ։ Պատմութիւնը յիշելով, պահելով է, որ կրնանք գոյատեւել իբրեւ հայ եւ քրիստոնեայ ու կրնանք նոր պատմութիւն կերտել։ Հաւատքը միայն տեսական չէ, ինչպէս արդէն նշեցի, այլ նաեւ ապրելով, ապրեցնելով, գործնական ըլլալով եկեղեցւոյ եւ համայնքին մէջ, քանզի Յակոբոս առաքեալի խօսքին համաձայն՝ «Հաւատք առանց գործի մեռած է»։ Մենք կրնանք թիավարել այս ովկիանին մէջ, եթէ մերժենք ու դատապարտենք 21-րդ դարու մեծագոյն մեղքը՝ անտարբերութիւնը, որ աշխարհի մէջ կը սերմանուի։ Պէտք է ստեղծել Աստուած-ժողովուրդ կապը, վերահաստատել համայնք-Աստուած կապը։ Մեր նպատակը պէտք է ըլլայ Աստծոյ ժողովուրդը դառնալ։ Ատոր համար, պէտք է ըլլալ քաջամարտիկ, ճշմարտախօս, արդարամիտ, սիրել Աստծոյ պատկերով ստեղծուած մեր նմանին, ներել մեզի հանդէպ մեղանչողին եւ ապրիլ աւետարանի պատգամներուն համաձայն։ Քրիստոնէութիւնը թոյլերու կրօն չէ, այլ՝ ուժեղներու, քաջերու եւ գործի կրօն է։

-Միւս կողմէ ալ Եւրոպան կանգնած է մեծագոյն մարտահրաւէրներու ընդառաջ։ Քոյր եկեղեցիներուն պետերուն հետ ձեր ունեցած զրոյցներուն ու հանդիպումներուն ընթացքին, մատնացոյց կ՚ըլլա՞ն այդ մարտահրաւէրները, կամ ապագայի մեծ հարցադրումներու առընթեր, եւրոպական ընտանիքի եկեղեցիները պատասխան-լուծումներ ունի՞ն։

Ամէն եկեղեցի, իր առաքելութեան հաւատարիմ, քայլեր կը ձեռնարկէ աշխարհի ներկայ բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմակայելու համար։ Քոյր եկեղեցիներու հետ հանդիպումները հրաշալի առիթ կը հանդիսանան՝ փորձի փոխանակման, համագործակցութեան, երբեմն համատեղ քայլերու ու գործողութիւններու, բայց, ընդհանուր առմամբ, իւրաքանչիւր եկեղեցի ունի իր մշակած ռազմավարութիւնը, ունի իր ճանապարհը, որ անշուշտ կը բխի եկեղեցական ու քրիստոնէական ընդհանուր շահերէն եւ համահունչ է աւետարանի ոգիին։

 

-Ինչպէ՞ս գտաք Հայաստանը եւ ի՞նչ տպաւորութիւններով վերադարձաք։ Վստահօրէն դուք ալ մեծ հարցադրումներ ունեցաք մեր երկրին մէջ տիրող դրութեան ու մեզ ՝ազգիս Հայոց, պաշարած վտանգներուն մասին։ Այս առումով ձեր մտորած խորհուրդներուն մասին կարո՞ղ ենք հաղորդակից դառնալ։

Մէկ անգամ չէ, որ խօսած եմ Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակին մասին, աղէտալի պատերազմին, պետական կառավարման մարմիններու անգործութեան եւ այն բոլոր մարտահրաւէրներուն մասին, որոնց առջեւ կանգնած է մեր հայրենիքը։ Այն, ինչ որ կը կատարուի այսօր Հայաստանի մէջ ուղղակի կաթուածահար ըրած է համայն հայութիւնը, բայց միեւնոյն ժամանակ մեզ կը մտահոգէ եւ կը զարմացնէ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու մէկ մասին անտարբերութիւնը: Վերջին տարիներուն, մեր ժողովուրդը անընդհատ պահած են սուտի ու կեղծիքի մէջ, սնած՝ սուտ տեղեկութիւններով, աղաւաղած են իրականութիւնը եւ հանրութեան մէկ հատուածին գորշ իրականութենէն կտրած են: Բայց մենք վստահ ենք, որ մեր ժողովուրդի զաւակները իմաստուն կը գտնուին, կը հասկնան, որ նժարին դրուած է ամենաթանկն ու անգինը՝ Հայրենիքը, անկախ պետականութիւնը: Կը հարցնէք մեր զգացումներուն ու տպաւորութիւններուն մասին։ Անկեղծօրն պիտի ըսեմ, որ թերեւս առաջին անգամ է, որ իբրեւ հայ, ես ինծի ստորադասուած կը զգամ։ Հայաստանը դրախտավայր է, բայց դրախտավայր ըլլալով հանդերձ, դժոխային փորձութիւններու մէջէն կ՚անցնի, բայց կը հաւատանք, որ Աստուած մեզ չի լքէր, եւ ինչպէս Աբրահամը կ՚ըսէր. «Նոյնիսկ քարերէն զաւակներ կը ծնին, եւ նոր արշալոյս կը կերտուի»։ 

 

 Սագօ Արեան 

«Պայքար»

 

*Սրբազան հայրը նաեւ համատեղութեան կարգով կը վարէ Պուլկարիոյ Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդի պաշտօն։