image

Թուրքիոյ ՏԻՄ ընտրութիւններ. Հայուհին ընտրութեան պիտի մասնակցի CHP-ի ցուցակով

Թուրքիոյ ՏԻՄ ընտրութիւններ.  Հայուհին ընտրութեան  պիտի մասնակցի CHP-ի ցուցակով

Թուրքիոյ մէջ Տեղական մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ, Քրիստին Շէնքալ՝ Պէյլիքտիւզիւի քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան համար թեկնածութիւնը առաջադրած է։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ «Մարմարա»  պարբերականէն, որ այդ մասին  մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Մարտ 2024ի տեղական մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ, քաղաքական կուսակցութիւնները սկսած են իրենց թեկնածուները ճշդել զանազան քաղաքապետութիւններու համար։

Ճէ-Հէ-Փէ (CHP) կուսակցութեան անունով, կուսակցութեան անդամ Քրիստին Շէնքալ Պէյլիքտիւզիւի քաղաքապետական խորհուրդի անդամակցութեան համար թեկնածութեան թեկնածու առաջադրուած է։

Յաջողութիւն կը մաղթենք իրեն։

 

 Լուրը ՝ «Մարմարա»էն