image
Հրատապ լուրեր:

Քննիչ յանձնաժողովի կազմութեան վերաբերեալ ընդդիմութիւնը ըսելիք պիտի ունենայ

Քննիչ յանձնաժողովի կազմութեան վերաբերեալ ընդդիմութիւնը ըսելիք պիտի ունենայ

Այդ գործընթացը պայմանաւորուած է բացառապէս օրուայ քաղաքական իշխանութիւնները մաքրազերծելու եւ մեղաւորներ նշանակելու ցանկութեամբ: Այս մասին յայտնեց ԱԺ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Հայկ Մամիջանեանը` անդրադառնալով ՔՊ-ի նախաձեռնութեամբ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող ԱԺ Քննիչ յանձնաժողովի ստեղծման:

«Քննիչ յանձնաժողովները ողջ աշխարհում եւ մեր օրէնսդրական տրամաբանութեամբ ընդդիմութեան գործիքներ են: Հաշուի առնելով այն, որ օրուայ իշխանութիւնն ունի պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցած խախտումները բացայայտելու բոլոր գործիքները, ուստի, յանձնաժողովի ստեղծումը մէկ նպատակ ունի` մաքրազերծելու կապիտուլեանտների խունտան: Դրան մասնակցելու ցանկութիւն չունենք», ըսաւ Մամիջանեան` տեղեկացնելով, որ «Հայաստան» խմբակցութեան հետ համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գան:

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ագնեսա Խամոյեանը եւս յայտնեց, որ ընդդիմադիր խմբակցութիւնները այս հարցին վերաբերեալ համատեղ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գան:

Յիշեցնենք, որ ԱԺ «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ 2020-ի Սեպտեմբեր 27-ին սանձազերծուած ռազմական գործողութիւններու հանգամանքներու ուսումնասիրման նպատակով իրաւունքի ուժով ստեղծուած է Ազգային ժողովի Քննիչ յանձնաժողով, որու լիազօրութիւնները պիտի իրականացնէ Պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովը: