image

Քիւրտերուն Համար «Մահ Կամ Ազատութիւն»

Քիւրտերուն Համար  «Մահ Կամ Ազատութիւն»

Կարեւոր  իրադարձութիւններ կը գրանցուին Թուրքիոյ մէջ:  Մինչ երկրի   արեւելեան  նահանգները  կը շարունակեն մնալ  ծանր  բախումներու հանդիսավայր, անդին քաղաքական  գետնի վրայ     նոր  իրավիճակի մը առաջին նախանշոյլները   կ'երեւին: Թուրքիոյ   այսօրուան  ղեկավարութիւնը բաւական անհանգիստ    դրութեան  առջեւ է: Մէկ կողմէ  Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մօտ  գրանցուող դէպքերը եւ   քրտական YPK      խմբաւորման      գրանցած   յառաջխաղացքը, իսկ միւս կողմէ՝     երկրի  խորքը գտնուող  PKK-ի   զինեալներուն   կատարած գործողութիւնները   Թուրքիան  այսօր առած են  աքցանի  մը մէջ: Ճիշդ է, որ ապահովական  ուժերը  յաջողած են    ուժգին հարուած մը հասցընել PKK–ին բայց եւ այնպէս    համաժողովրդային  մակարդակի վրայ այսօր կուտակուող  ցասումը կրնայ  տարբեր եւ նոյնիսկ    անսպասելի արդիւնքներու տանիլ:    Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ իշխող AKP –ն, որուն  ձեռքն  են երկրի  ուժային, տնտեսական, դիւանագիտական բոլոր  լծակները,   դաշտին մէջ կը մնայ առանձին եւ  խոցելի:  Երկրի քաղաքական երկրորդ ուժը ՝  CHP -ն եւս ուշի-ուշով կը հետեւի զարգացումներուն եւ որեւէ տրամաթիք պահու  կրնայ    անոր «աստղը   դարձեալ փայլիլ»: Ամէն պարագային  մէկ   բան  յստակ է, որ քիւրտերուն համար       այսօր ստեղծուած իրավիճակը   նոր վիճակ մըն է, ու անհնար է, որ անոնք     առանց նոր   հասկացութիւններու կամ  իրաւունքներու   գոյացման ընդունին  առաջուան դրութեան վերադառնալ:   Բոլոր  քիւրտերը  դարձած են  PKK  եւ բառին լայն առումով անոնք  պատրաստ են  կռուիլ   բարձրաձայնելով ՝ «Մահ   կամ  ազատութիւն»: