image

Սուրիոյ մէջ. «Քասատ» մերժած է զինաթափուիլ

Սուրիոյ մէջ. «Քասատ» մերժած է զինաթափուիլ

Զինաթափումէն հրաժարած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը վերահսկող քիւրտ զինեալները: Քիւրտերու գլխաւորած «Սուրիոյ դեմոկրատական ​​ուժերը» (SDF) հակայարձակում սկսած են Թուրքիոյ աջակցութեամբ գործող «Սուրիոյ ազգային բանակ»ի (SNA) դէմ՝ Թուրքիոյ սահմանի մօտ գտնուող տարածքները ետ գրաւելու համար։

Նախօրէին յայտնի դարձած էր, որ սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումները, որոնք մասնակցած են Պաշշար Ասատի տապալման, համաձայնած են անցնիլ երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան վերահսկողութեան ներքոյ, յայտարարած է երկրի փաստացի նոր առաջնորդ Ահմատ Շարըհը՝ իսլամիստական ​​«Հայաաթ Թահրիր ալ Շամ» շարժման ղեկավարը:

Անցեալ շաբաթ Սուրիոյ ժամանակաւոր կառավարութեան վարչապետ Մուհամմետ Պաշիրը յայտարարած էր, որ Սուրիոյ զինուած ուժերը պիտի բարեփոխուին՝ օգտագործելով ընդդիմութեան մարտիկները եւ բանակի սպաները, որոնք աւելի վաղ լքած էին սուրիական զօրքերը:

Պաշտպանութեան նախարար նշանակուած է Մուրհաֆա Ապու Քասրան՝​​«Հայաաթ Թահրիր ալ Շամ»-ի բարձրաստիճան ներկայացուցիչը, որու մարտիկները կը գլխաւորէին ապստամբներու յարձակումը մայրաքաղաք Դամասկոսի վրայ: