Չինաստան միշտապէս պիտի աջակցի Պաղեստինի ժողովուրդի ազգային իրաւունքներու վերականգնման ջանքերուն եւ պիտի նպաստէ պաղեստինեան հարցի արդարացի լուծման։ Այս մասին կը հաղորդէ «Սինհուա» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի ուղերձը։
«Չինաստան միշտ վճռականօրէն կ՚աջակցի պաղեստինցի ժողովուրդի օրինական ազգային իրաւունքներու վերականգնման արդար պայքարին։ Մենք այսուհետեւ ալ, խաղաղասէր եւ արդարութիւնը պաշտպանող միջազգային հանրութեան բոլոր պետութիւններուն հետ միասին, միջազգային իրաւական կարգի հիման վրայ գործնական աջակցութիւն պիտի ցուցաբերենք պաղեստինեան հարցի արագ, համապարփակ, արդար եւ կայուն կարգաւորման, պիտի նպաստենք Միջին Արեւելքի մէջ երկարաժամկէտ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ մեր աշխոյժ ներդրումը պիտի ունենանք ամբողջ աշխարհի խաղաղութեան, կայունութեան, զարգացման եւ բարգաւաճման գործին մէջ», նշուած է Շի Ճինփինկի ուղերձին մէջ, որ ան յղած է Պաղեստինի ժողովուրդին հետ համերաշխութեան միջազգային օրուան (որ կը նշուի ամէն տարի Նոյեմբեր 29-ին) նուիրուած նիստի մասնակիցներուն։ Նիստը տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 23-ին՝ ՄԱԿ-ի մէջ։
Չինաստանի նախագահի խօսքով՝ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող լարուած իրավիճակը «պէտք չէ շեղէ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը պաղեստինեան հարցէն», որու լուծման բանալին «երկու պետութիւն՝ երկու ժողովուրդի համար» սկզբունքին համապատասխան ճիշդ որոշման ընդունումն է, եւ՝ պաղեստինա-իսրայէլեան բանակցութիւններու վերսկսման աջակցութիւնը։
Շի Ճինփինկ մատնանշծած է «պաղեստինցիները կը կառավարեն Պաղեստինը» սկզբունքի պահպանման, Յորդանան գետի արեւմտեան ափին կացութեան կարգաւորման եւ Կազայի հատուածին մէջ պատերազմէն ետք վերականգնման աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը։