Քրտական Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան կին համանախագահ Փերվին Պուլտանը Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանին կոչ ըրած է հրաժարական տալու։
Թրքական Gazeteduvar–ի հաղորդմամբ՝ Փերվին Պուլատանը նշած է, թէ Էրտողան չէ կրցած ապահովել երկրաշարժէն յետոյ փրկարարական աշխատանքներու կազմակերպումը եւ օգնութիւնները ժամանակին հասցնել տուժածներուն։
Ան կոչ ըրած է Էրտողանին հրաժարական տալու։