image
Հրատապ լուրեր:

Քեսապի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի ննջեցեալներուն հոգիներուն

Քեսապի  մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Ս.Օ.Խաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի ննջեցեալներուն հոգիներուն

Օրերս, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուած է, որմէ ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է՝ Քեսապի Ս.Օ. Խաչի «Մեղրի» մասնաճիւղի հին եւ նոր ննջեցեալներուն հոգիներուն։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝

Կիրակի, 16 Փետրուար 2025֊ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Քեսապի Ս.Օ.Խաչի "Մեղրի" մասնաճիւղի առ յաւէտ հեռացած  հին եւ նոր ննջեցեալներուն հոգիներուն ։

Ապա հոգեսուրճը տեղի ունեցաւ "Սահակեան" սրահէն ներս , ուր Քեսապի հոգեւոր տեսուչ հայր Եսայի իր յարգանքի  խօսքը փոխանցեց   եւ աջակցութիւն յայտնեց ներկաներուն բարձր գնահատելով խաչուհիներուն անձնանուէր զոհողութիւնը ։

Թող ննջեն խաղաղ ։