image

Քաշքշուք եւ ... լուտանքներ. Ի՞նչ կը կատարուի Երուսաղէմի Հայոց Վանքին շուրջ (Տեսանիւթ)

Քաշքշուք եւ ... լուտանքներ. Ի՞նչ կը կատարուի Երուսաղէմի Հայոց Վանքին շուրջ (Տեսանիւթ)

Տխուր  եւ մտահոգիչ  պատկերներ կը հասնին Երուսաղէմի Հայոց վանքի շրջակայքէն։

Խնդիրն այն է, որ օրեր առաջ կարգալոյծ հռչակուած հոգեւորականին դէմ երեւելի դարձած է գաղութային զայրոյթի երեւոյթ մը, որ աննախընթաց կարելի է համարել մասնաւորապէս վերջին տարիներու կտրուածքով։ 

Մանրամասնութիւններուն մէջ կարգալոյծ հռչակուած Հոգշ. Հ. Պարէտ ծ.վրդ. Երէցեան, որ այսօր փորձած է իր իրերը հաւաքելով այլ շրջան տեղափոխուիլ, հանդիպած է բուռն դիմադրութեան, որուն հետեւանքով ալ ստիպուած եղած է իր սենեակին մէջ մնալ որոշակի ժամանակով մը։

Մինչ այդ սաղիմահայ երիտասարդութիւնը փութացած է անոր բնակարանին մօտ, եւ երիտասարդները փորձելով արտայայտել իրենց ընդդիմութիւնը՝ սկսած են երգել ազգային երգեր։

Աւելի ուշ եւ ըստ «Արեւելք»ի աղբիւրներուն, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանի կարգադրութեամբ շրջան հասած են ոստիկանութեան ուժեր, որոնք ապահոված են կարգալոյծ հռչակուած վարդապետին բնակարանէն դուրս գալն ու դէպի ինքնաշարժ մեկնիլն ու ապա շրջանէն հեռանալը։

Ճիշդ այդ միջոցին ալ վայրին մէջ հաւաքուած տասնեակ երիտասարդներ վանկարկումներ կատարած ու լուտանքներ արձակած են վարդապետի հասցէին, զինք համարելով՝ դաւաճան։ 

Անոնցմէ շատեր նաեւ հայհոյութիւններ կատարած են միաբանի հասցէին։

Տեսանիւթերը, որոնք ոչ մէկ պատիւ կը բերեն մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյն, կը ներկայացնենք մեծ վերապահութիւններով, պարզապէս զարգացումները իրազեկելու նպատակով։

Լիայոյս ենք, որ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան գլխուն կուտակուած մութ ամպերը շուտով կը հեռանան եւ իր բնականոն հունին կը վերադառնայ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրապետական եւ դարաւոր Սուրբ Աթոռը։