image

Քանի մարդ մասնակցած է ընդդիմութեան ցոյցին

Քանի մարդ մասնակցած է ընդդիմութեան ցոյցին

2 սեպտեմբերին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ ժամը 18:00-ին մեկնարկած է ընդդիմութեան նախաձեռնած՝ Արցախի Հանրապետութեան օրուան նուիրուած հանրահաւաքը:

«Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում»ը օդէն նկարահանումի միջոցաւ իրականացուցած է հանրահաւաքի մասնակիցներու հաշուարկ, որու հետեւանքով պարզուած է, որ 19:15-ի դրութեամբ Ազատութեան հրապարակ գտնուած է շուրջ 10500 մարդ:

Հաշուարկն իրականացուած է մասնակիցներու անհատական հաշուարկի միջոցաւ։ Որոշ քաղաքացիներ կանգնած էին ծառերու տակ, ուստի անոնց քանակը հաշուել հնարաւոր չէ եղած: