Յուլիս 15-ին, տեղական ժամանակով ժամը 10:52-ին (Կրինիչի ժամանակով ժամը 06։52-ին) ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 39․27⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 46.10⁰ աշխարհագրական չափագրումներով՝ Հայաստան-Նախիջեւան սահմանային գօտի՝ Քաջարան քաղաքէն 14 քմ հիւսիս, օճախի 10 քմ խորութեամբ 3․5 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:
Կեդրոնական գօտիին մէջ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 4-5 աստիճան:
Երկրաշարժը զգացուած է Սիւնիքի մարզի Ագարակ, Մեղրի, Քաջարան եւ Կապան քաղաքներուն մէջ՝ 4 աստիճան ուժգնութեամբ։