image

Քաղաքներ, անցեալ եւ ոգի. Բնիկ Սուրիահայ Հրայր Սարգիսեանի նոր ցուցահանդէսը

  Քաղաքներ, անցեալ եւ ոգի.  Բնիկ Սուրիահայ Հրայր Սարգիսեանի նոր  ցուցահանդէսը

Գործերուն մեծ մասը լուսանկարներ են սենեակներու, ուր ներկայ է տակաւին այնտեղ բնակողներուն շունչը, մանաւանդ որ մարդիկ չկան այդ նկարներուն մէջ, սակայն բայց անոնց ոգիները ներկայ են եւ անընդհատ կը յիշեցնեն ջերմ յարաբերութիւնները, բացակայութեան ու վերադարձի սպասումի ապրումները:

 

Լոնտոն բնակող Հրայր Սարգիսեանի ցուցահանդէսը, (Շարժայի մէջ՝ ԱՄԷ) որ կը կրէ «Լռութեան միւս կողմը» մեծ տպաւորութիւն  թողած է։

 Այնտեղ ուշագրաւ է մանաւանդ, «Վերջին տեսարանը» լուսանկարներու հաւաքածոն, որ դիտողը  կը տանի, «պտոյտի մը» դէպի մարդկային յիշողութեան անդաստան։Տեսարանները, որոնք ներկայացուած են Սարգիսեանի գործերուն մէջ կը նմանին այն պատկերներուն, որոնք կը մնան յիշողութեան մէջ, եւ զանոնք կեանքի կը կոչենք ամէն անգամ, որ կարօտի զգացումը ունենանք այդ վայրերուն հանդէպ: Կարօտի, առանձնութեան ու պանդխտութեան մէջ այդ ջերմ զգացումը, որ կը զգանք վերյիշելով զանոնք, այդ է որ Սարգիսեան կը նկարէ ու կ'ընդգծէ: Գործերուն մեծ մասը լուսանկարներ են սենեակներու, ուր ներկայ է տակաւին այնտեղ բնակողներուն շունչը, մանաւանդ որ մարդիկ չկան այդ նկարներուն մէջ, սակայն բայց անոնց ոգիները ներկայ են եւ անընդհատ կը յիշեցնեն ջերմ յարաբերութիւնները, բացակայութեան ու վերադարձի սպասումի ապրումները:

 Այս մասին նիւթը գրած է «Ինտիբէնտընթ. Արապիա»ի աշխատակից ՝ Եասէր Սուլթան, որ նշած է, թէ Սարգիսեանի ցուցահանդէսը առիթը կու տայ այցելուներուն ծանօթանալու արուեստագէտի մը, որ կը համարուի ժամանակակից ամէնէն յղացական արուեստի ամէնէն  ինքնորոյն ներկայացուցիչներէն մին։ Ըստ ցուցահանդէսի բացատրողականին, անիկա շրջագայութիւն մըն է, Հալէպի, Լաթաքիոյ, Դամասկոսի հրապարակներուն, Փալմիրայի երկինքին ու ձիւնածածկ բնութեան արդի Հայաստանին, եւ այդ բոլորը բազմաթիւ լուսանկարչական, ձայնային ու տեսաերիզներու հաւաքածոներու ընդմէջէն, որոնք կը կազմեն արուեստագէտի անցնող 15 տարուայ արգասիքը:

Լուսանկարչական հաւաքածոներուն մէկ ուրիշը կը կրէ «Մահապատիժի հրապարակներ» վերնագիրը, անիկա բաղկացած է 14 լուսանկարներէ, որոնց հետ արուստագէտի յիշողութիւնը անհատական առնչութիւն ունի: Այս անգամ կարօտը չէ որ կը գերակշռէ այստեղ, այլ արուեստագէտը կը մատուցէ վայրեր, որոնք սարսափի անջնջելի հետքեր ձգած են իր յիշողութեան մէջ: Ասոնք այն հրապարակներն են, ուր ժամանակին մահապատիժի կ'ենթարկէին մեծ յանցագործութիւն կատարողները՝ , եւ մահապատիժի ենթարկելու արարքը տեղի կ'ունենար ներկայութեամբ փողոցէն անցնող սովորական մարդոց, որոնք ուզէին թէ չուզէին ականատես պիտի ըլլային այդ արարողութեան: Այս հրապարակները կը գտնուէին Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Դամասկոսի կեդրոնները: Հրայր Սարգիսեան պատանի հասակին, առաւօտ մը, դպրոց յաճախած ատեն ինքն ալ ականատես եղած է մահապատիժի ենթարկուած երեք դիակներու: Արուեստագէտը տարիներ ետք կը վերադառնայ այնտեղ առաւօտ կանուխ եւ կը նկարէ դատարկ հրապարակները, փորձելով յաղթահարել այդ ահաւոր տեսարանը: Ան կը վաւերագրէ այդ հրապարակները պատմական շարահիւսութեամբ: Սարգիսեան նկարած է շէնքերն ու արեւածագը, տարօրինակ հակասութիւն մը ստեղծելով գեղեցկութեան ու հանդարտութեան մէկ կողմէ եւ քաղաքական ու ընկերային իրադարձութիւններու միջեւ միւս կողմէ:

Սարգիսեան մտած է լուսանկարչական աշխարհ սկսելով իր հօր Դամասկոսի լուսանկարչութեան աշխատանոցէն: Ան ճամբորդած է Հոլանտա ուսանելու տեսողական արուեստ ու շարունակած է լուսանկարչութիւնը ընտրելով զայն, որպէս միջոց արտայայտելու անտեսանելի պատմութիւնները անլոյծ բախումներուն: 

Սարգիսեանի լուսանկարները զարգացում կ'ապրին, ան կը սկսի օգտագործել մեծ տարաչափի տեսախցիկներ, ու շարունակել ստեղծագործել ու նկարել, երբեմն նոյնիսկ պատահականութիւններու վստահելով: Ան կ'օգտագործէ լուսանկարները բացայայտելու պատմութեան ու անցեալի դէպքեր, անոր գործերը մեծ մասով կը յենին անհատական ու հաւաքական յիշողութեան վրայ, ան կը խորանայ այնպիսի դէպքերու մէջ, որոնք անկարելի է գտնել պաշտօնական տոմարներուն մէջ, ինչ որ դիտողին կը պարգեւէ մտածել այդ լուսանկարներուն մասին տեսնելու այն ինչ որ կայ պատկերէն անդին:

Վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին Սարգիսեանի գործելաոճը ընդլայնած է ներառելու նաեւ շարժողական, (animation) ձայնային «քանդակագործութիւն»ը, յաճախ ստեղծելով երազային պատկերներ, երբեմն մահուան տեսարաններ, երբեմն ալ թերեւս վայրեր, որոնք կը ստեղծեն այն միջավայրը, ուր կարելի է պարզապէս շունչ մը քաշել: 

«Լռութեան միւս կողմը» ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ արուեստագէտի կողմէ յայտնաբերուած անհետացման պատմութիւնները, բռնութեան կառոյցը եւ այլ հարցեր, որոնք կորսուած են պատմութեան փոշիներուն տակ։

 

 

 «Արեւելք»ի համար արաբերէնէ թարգմանեց՝ Թ. Գ.