Դատարանը «ԱՐԱՐ» հիմնադրամի համահիմնադիր, հասարակական-քաղաքական գործիչ՝ Աւետիք Չալապեանը երկու ամիսով կալանաւորելու որոշում կայացուցած է: Այս մասին յայտնած են 5165 շարժումէն:
«Քիչ առաջ դատարանը «ԱՐԱՐ» հիմնադրամի համահիմնադիր, հասարակական-քաղաքական գործիչ՝ Աւետիք Չալապեանին երկու ամսով կալանաւորելու որոշում կայացրեց»,- ըսուած է յայտարարութեամբ:
Յայտարարութեամբ նաեւ ըսուած է, որ նոյն օրը՝ Մայիս 14-ի 17:30-ին, Ֆրանսայի հրապարակին վրայ Համախմբման վրանին մօտ պիտի կայանայ մամուլի ասուլիս, որու ժամանակ Աւետիք Չալապեանի փաստաբան՝ Արթուր Յարութիւնեան, Էտկար Ղազարեան եւ Մենուա Սողոմոնեան պիտի ներկայացնեն մանրամասնութիւնները եւ մեկնաբանեն դատարանի որոշումը։
Յիշեցնենք, որ Աւետիք Չալապեանի բնակարանին մէջ Մայիս 12-ի երեկոյեան խուզարկութիւն կատարուած էր, որմէ յետոյ ոստիկանները զայն տարած են Արաբկիրի բաժանմունք։ Քննչական կոմիտէն աւելի ուշ հաղորդագրութիւն տարածեց, ուր ըսուած էր, որ Աւետիք Չալապեանը ձերբակալուած է Ագրարային համալսարանի ուսանողները ընդդիմութեան ցոյցերուն մասնակցելու նպատակով ֆինանսապէս շահագրգռելու կասկածանքով։