image
Հրատապ լուրեր:

Պուրճ Համուտի մէջ... Յիշատակի մոմավառութիւն

Պուրճ Համուտի մէջ... Յիշատակի մոմավառութիւն

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի կազմակերպութեամբ Պէյրութի աղէտալի պայթումի առաջին տարելիցի առթիւ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած է յիշատակի մոմավառութիւն։

 

 Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի պաշտօնական էջէն։

 

 Աղբիւրը կը գրէ, որ յիշատակի արարողութեան ներկայ եղած են ՀՅԴ Լիբանանի մարմնի ներկայացուցիչ, պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի,  Լիբանանի  թեմի Առաջնորդ  Տ. Շահէ արք. Փանոսեան, Երիտ. եւ մարմնամարզի նախարար Վարդինէ Օհանեան, երեսփոխաններ Յակոբ Թէրզեան եւ Ալեքսան Մաթոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, քաղաքապետական խորհուրդի գործիչներ, ազգայիններ եւ շրջանի պատասխանատուներ։ Լիբանանի ազգային քայլերգէն ետք խօսքերով հանդէս եկած են շրջանի քրիստոնեայ եւ իսլամ աղօթավայրերու հոգեւոր գործիչներ, իսկ քաղաքապետարանի խօսքը փոխանցեց խորհուրդի անդամ Ճօրճ Գրիգորեան։

 Գրիգորեան իր խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշեց, որ մէկ տարիէ ի վեր Լիբանան ամէնօրեայ դրութեամբ կը յիշատակէ Պէյրութի պայթումին նահատակներուն յիշատակը նշելով նաեւ, որ այնքան ժամանակ, որ արդարութիւնը չէ հաստատուած եւ յանցաւորները չեն պատժուած այդ յիշատակի յարգումի ամբողջական պիտի չըլլայ։

 Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ Լիբանան Փիւնիկի նման վեր կը յառնէ այն տառապանքներէն ու տագնապներէն, որ ամէնօրեայ կերպով հարուածի տակ կը պահեն Լիբանանի ողջ բնակչութիւնը։

 

 Աղօթքի եւ խոնարհումի մթնոլորտի մը մէջ վերջ գտաւ յիշատակի մոմավառութիւն- հաւաքը, այն վառ յոյսով որ արդարութիւնը իր հունը կը գտնէ ու բոլոր մեղաւորները կը պատժուին։

   Լուսանկարները՝   Ալէքս Կիւրինլեանի ոսպնեակով։