Երէկ հրդեհ մը ծագած է Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանին մէջ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։
Հրդեհը ծագած է բնակուած շէնքի մը ամենվերին յարկին մէջ, ուր կը գտնուէին յարկին մէջ ապրող մայրն ու երեխան։
Պէյրութի հրշէջ ծառայութիւններ արագօրէն շրջան հասած են եւ մեծ ճիգեր գործադրելով կարողացած են տարհանել զանոնք։
Նախնական տուեալներով հրդեհը պատահած է, երբ երեխան շրջած է շարժական վառարանը։
Բարեբախտութիւն է անշուշտ, որ հրշէջ մարմինները շատ արագ արձագանգելով դէպքի վայր հասած են այլապէս իրավիճակը կրնար անդարմանելի ըլլալ։
Տեսանիւթերուն համար՝ միացէք թելեկրամի մեր ալիքին՝ https://t.me/Arevelkam