Պոլսոյ քաղաքապետ՝ Էքրեմ Իմամօղլուն մեղադրած է կառավարութիւնը հասարակական փոխադրամիջոցներու եւ ջրամատակարարման գիներու բարձրացումը արգելափակելու համար, շաբաթ օր հաղորդած է Bianet-ը։
Չորեքշաբթի օր Թուրքիոյ մայրաքաղաքի վարչակազմը, որ կը ղեկավարուի ընդդիմադիրներու կողմէ, առաջարկած է 50 տոկոսով բարձրացնել հասարակական փոխադրամիջոցի ուղեվարձը։ Սակայն Փոխադրամիջոցներու համակարգող կեդրոնը, ուր կառավարութեան ներկայացուցիչները մեծամասնութիւն կը կազմեն, մերժած է առաջարկը։
«Կը ցաւիմ, որ այսքան անխոհեմ մարդիկ, որ սնանկացուցած են հաստատութիւնները, կը զբաղին քաղաքականութեամբ»,- ուրբաթ օր քաղաքապետարանի բնակարանային գործակալութեան բացման ժամանակ Պոլսոյ քաղաքապետի ելոյթի խօսքերէն մէջբերած է Bianet-ը:
Իմամօղլուն նշած է, որ վերջին քանի մը ամիսներու ընթացքին վառելիքի գիներու մօտ 120 տոկոս աճը։
«Խօսքը այն նպաստներուն մասին է, որոնք կը գերազանցեն 10,5 միլիառ թրքական լիրան... Գիներու աճը չի դադրիր։ Թերեւս վաղը վառելիքի գիները նորէն կը բարձրանան»,- ըսած է քաղաքապետը։
«Անոնք ջուրի գիներն ալ չեն բարձրացներ։ Այս երկրի ուժանիւթերու գիները աճած են մօտ 300 տոկոսով։ 2019-ի ընտրութիւններէն յետոյ ջուրի գիները չեն փոխուած։ Մենք ելեկտրականութեան մեջոցով ջուր կ'ուղարկենք մարդոց տուները»,- ըսած է ան:
Պոլսոյ քաղաքապետը մեղադրած է նաեւ կառավարութիւնը քաղաքապետարանի գործունէութիւնը խաթարելու մէջ։
Թուրքիոյ ուժանիւթի շուկան կարգաւորող մարմինը կը կանխատեսէ, որ 2022-ին ուժանիւթի արժէքը տնային տնտեսութիւններուն համար կը բարձրանայ 50 տոկոսով, իսկ գործերու համար՝ 125 տոկոսով։ Թուրք սպառողները կը պայքարին սրընթաց գնաճի պատճառով գնողունակութեան անկման դէմ:
2021-ին թրքական լիրան կորսնցուցած է իր արժէքի 45 տոկոսը, քանի որ կառավարութիւնը կը վարէ անսովոր տնտեսական քաղաքականութիւն, որուն կ'աջակցի նախագահ՝ Ռեճեպ Թայէպ Էրտողան, որ ցած տոկոսադրոյքներու կողմնակից է, գրած է Ahval-ը։