«Արեւելք»/Պոլիս- Պոլսոյ Սիրքէզի թաղամասին մէջ, Անգարա փողոց թիւ 29 հասցէին վրայ գտնուող հայատէր նշանաւոր «Ինքըլափ» (İnkılâp) գրատունը կը փակուի 20 Ապրիլ 2026-ին՝ ժամանակաւորապէս, վերանորոգութեան աշխատանքներու նպատակով։ Նորոգութիւնը կը կատարուի ընդառաջ հաստատութեան հարիւրամեայ յոբելեանին, որ պիտի նշուի յառաջիկայ տարուան ընթացքին։ Տակաւին անյստակ է, թէ հաստատութիւնը պիտի շարունակէ՞ իր գործունէութիւնը իբրեւ գրատուն, թէ՞ վերափոխութեան պիտի ենթարկուի։
Ամէն պարագայի, փակումը լայն արձագանգ գտած է ընկերային ցանցերու եւ գրատան այցելուներուն շրջանակներուն մէջ, քանի որ գրատունը Պոլսոյ նշանաւոր մշակութային կեդրոններէն մէկն էր՝ ի դէպ, հայ գրասէրի մը կողմէ ստեղծուած։
Հիմնուած 1927-ին՝ «Ինքըլափ» գրատունը կը պատկանի Պոլսոյ մշակութային կեանքի կարեւոր հանգրուաններուն մէկուն։ Տարիներու ընթացքին զայն միաձուլուած է «Աքա» գրատան հետ՝ 1962-ին, Աքա Էրէնի ղեկավարութեամբ, եւ գործած է «Ինքըլափ եւ Աքա գրատներ» անունով մինչեւ 1984 թուականը։
Գրատան հիմնադիրը հայ գրասէր մտաւորական Կարպիս Ֆիքրի Պէյն է։ Անոր մահէն ետք՝ 1971-ին, գործը ժառանգած է իր որդին՝ Նազար Ֆիքրին, որ երկար տարիներ արդէն ներգրաւուած էր հաստատութեան գործունէութեան մէջ։ 1984-ին «Ինքըլափ» հրատարակչատունը բաժնուած է «Աքա» գրատնէն եւ շարունակած իր գործունէութիւնը ինքնուրոյն կերպով՝ պահպանելով իր անունը։
«Ինքըլափ» կը նկատուի Թուրքիոյ ամէնէն հին եւ յարգուած հրատարակչատուներէն մէկը՝ իր հրատարակած աւելի քան 25,000 գիրքերով, 44 զանազան ժանրերու եւ մատենաշարերու մէջ։
2008-ին Նազար Ֆիքրիի մահէն ետք, ղեկավարութիւնը ստանձնած է որդին՝ Արման Ֆիքրին։
Թրքական հրատարակիչներու միութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յատուկ յիշատակութիւն կը կատարուի հայ հիմնադիր Կարպիս Ֆիքրի Պէյին՝ որպէս Պոլսոյ գրական եւ հրատարակչական աշխարհին մէջ մնայուն հետք ձգած դէմք։