Օրերս Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պոլսոյ Միաբանութեան երէց անդամներէն՝ Գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեան այցելութիւն տուած է Հոլանտա եւ Պելճիքա։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լիէժի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուրկէ ալ քաղած ենք ստորեւ ներկայացուած հաղորդագրութիւնը։
Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Սրբազան Հայրը, այս շաբթուան ընթացքին ընտանեկան եւ բարեկամական այցելութեան նպատակներով կը գտնուի Հոլանտայիեւ Պելճիքայի մէջ։
Այս այցելութիւններու ընթացքին նշենք որ, Գերշ. Տ. Արամ Սրբազան Հայրը նաեւ այցելեց Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան միաբան եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակութեան հոգեւորականաց դասու անդամներէն, Պելժիոյ Լիէժ եւ Կերարցպէրքէն քաղաքներու Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա աբղ. Պէսքիսիզեանին։
26 Մայիս 2024, Կիրակի, առաւօտեան ժամը 11.30ին, իրէն ընկերակից ունենալով Պոլսահայ համայնքի ծանօթ դէմքերէն Տիար Վազգեն Պարընն ու Գէորգ Օքչուն, Սրբազան Հայրը ժամանեց Լիէժ քաղաք, ուր դիմաւորուեցաւ Լիէժի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւի եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն կողմէ։
Պատմական կարեւոր այցելութիւն մըն էր Գերշ. Տ. Արամ Սրբազան Հօր գալուստը ի Լիէժ, քանի որ, առաջին անգամն էր որ Պոլիսէն եպիսկոպոս մը կ'այցելեր Լիէժ քաղաքի հայ հաւատացեալներուն եւ կը նախագահէր Սուրբ եւ Անմահ պատարագին։ Լիէժաբնակ հայ հաւատացեալները մեծ խանդավառութեամբ եւ գրկաբաց ընդունեցին Գերշ. Տ. Արամ Սրբազան Հայրն ու ընկերակիցները։
Հարկ է նշէլ, Լիէժաբնակ հայ համայնքը կը կազմուի Հայաստանէն եւ Թուրքիայէն եկած բազմաթիւ հայ ընտանիքներէն։ Արամ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ Լիէժի մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը սկսաւ Տերունական աղօթքով, օրուան պատարագիչն էր Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Հայր Սուրբը։
Հոգշ. Հայր Սուրբը նախքան Սրբազան Հօր քարոզխօսութիւնը բարի գալուստի խօսք ունեցաւ ըսելով. «Սիրելի Գերշ. Սրբազան Հայր մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ ունինք այսօր, ինծի եւ Լիէժի Հայ Եկեղեցւոյ համայնքիս անդամներուն համար տեսնել ձեզ Լիէժի մէջ, մասնակից ըլլալ ձեր նախագահութեամբ մատուցուած Ս. Պատարագին։ Իբրեւ հոգեւոր ծնողս եւ ընտանիքիս մեծը, միշտ աղօթող եղած եմ ձեզի համար եւ Լիէժի Ծխական Խորհուրդի, Տիկնանց կազմի ու համայնքի անդամներու անունով կ'ուզեմ որդիական շնորհակալութիւնս եւ բարի գալստեան մաղթանքներս փոխանցել ձերդ Սրբազնութեան, որ ամենակալ Աստուած ձեզի արեւշատ ու առողջ օրեր պարգեւէ»։
Բարի գալստեան խօսքէն ետք Հոգեւոր հովիւ Հայր Սուրբը, Սրբազան Հօր փոխանցեց բարձրախօսը որպէսզի օրուան պատգամը եւ բանն կենաց քարոզը տայ հաւատացեալներուն։
Գերշ. Տ. Արամ Սրբազանը պատգամը փոխանցելէ առաջ, իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայր Սուրբին խօսքերուն համար։ Ուրախութիւն յայտնեց, որ այսօր Լիէժի հաւատացեալներուն հետ միասին կը մասնակցի Ս. Պատարագին եւ իր սրտաբուխ աղօթքները ու փառաբանութիւնը կը մատուցանէ, որ Աստուած մեզի կեանք մը պարգեւած է։
Արամ Սրբազան մանաւանդ նշեց որ «ուրախութիւն է ինծի համար որ Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը իր աշխատանքով Լիեժի մէջ համայնք մը կազմած է, եւ դժուար է համայնք մը կազմել ու հովուել, բարեբախտաբար Հայր Սուրբը այդ կարողութիւնը ունի մարդիկը իրարու քով բերելու եւ մէկ մարմին ընելու, որովհետեւ Հայր Սուրբը կը սիրէ մարդը եւ մանաւանդ իր համայնքի զաւակները եւ վստահ եմ որ դուք ալ զինքը սիրած էք, քանի որ այսօր իրեն հետ միասին էք։ Առ ի գնահատանք իր տարած աշխատանքին եւ մեր փառքն ու պատիւը բարձր պահելու համար կ'ուզեմ իր վիզը զարդարել եւ վարձատրել արծաթեայ լանջախաչով մը»։
Հոգշ. Հայր Սուրբը մօտենալով Սրբազան հօր Սուրբ խորանին վրայ, ստացաւ իրեն համար անգնահատելի նուէրը ու Սրբազան հօր աջը համբուրելով անոր օրհնութիւնը։ Գերշ. Սրբազան հայրը շարունակելով օրուան պատգամը, շեշտը դրա ւ աղօթքի կարեւորութեան վրայ։ Հաւատացեալներուն բացատրեց թէ «ի՞նչ է աղօթքը»։ «Շատեր չեն գիտեր ի՞նչ կամ ինչպէս կարելի է աղօթել։ Շատեր կ'աղօթեն առանց գիտակցելու աղօթքի իմաստին։ Աղօթքը Աստուծոյ հետ խօսելու ձեւն է, միայն աղօթքով է որ կրնանք Աստուծոյ հետ հաղորդակցիլ, եւ այս աղօթքին մէջ նախ գոհութիւն եւ փառաբանութիւն կու տանք Աստուծոյ, որ մեզի մարմին, հոգի եւ շունչ մը տուած է, եւ մեզի կարողութիւն տուած է խորհելու, խօսելու եւ գործելու։ Եթէ այսօր կրցանք արթննալ, քալել եւ եկեղեցի գալ՝ այս բոլորն ալ Աստուծոյ շնորհիւ է։ Հետեւաբար Աղօթքը նախ պէտք է ըլլայ Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնելու համար»։
Գերաշնորհ Սրբազան հայրը նաեւ իր պատգամին մէջ աղօթքի մասին յայտնեց որ մարդիկ միշտ կ'աղօթեն բան մը ուզելու կամ պահանջելու համար բայց Աստուած այս չէ որ կ'ուզէ լսել մեր աղօթքներու մէջ այլ իրեն փառաբանանք։ Այսինքն՝ կ'ուզէ որ գիտակցելով կատարենք մեր աղօթքները որպէ զի մեր մեղքերուն թողութիւն, առողջութիւն տայ, մեզի նեղութիւններէ փրկէ, գործերու մէջ յաջողութիւն տայ եւ պէտք չէ որ արագ ըսենք մեր աղօթքները այլ բառ առ բառ աղօթենք՝ ինչպէս մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս կ'ըսէ պէտք չէ որ շատախօս ըլլանք աղօթքի ընթացքին։ Անոնք որ կը կարծեն թէ իրենց աղօթքներուն մէջ շատախօս ըլլալով Աստուած իրենց կը լսէ՝ կը սխալին, ընդհակառակը Աստուած այդպիսիներուն ձայնը չի լսեր։ Աւելի լաւ է կարճ, յստակ եւ գիտակից աղօթքը։ Նաեւ աղօթքի ժամանակ պէտք չէ ցուցամոլութիւն, բարձրաձայն կամ սակարկութիւն ընել քանի որ Աստուած մարդու սիրտը կը կարդայ, այսինքն սրտէն ելած աղօթքը կը լսէ։ Աստուած եթէ-ով կատարուած աղօթքը չի լսեր եւ ձեր ուզածն ալ չի տար ձեզի։ Ինչ որ ունինք Աստուծոյ պարգեւներն են եւ ատոր համար երախտապարտ պէտք է ըլլանք»։
Սրբազան Հայրը իր պատգամին աւարտին հաւատացեալներուն ըսաւ. «Թող ձեր աղօթքները իմաստալից ըլլան եւ ձեր գիտցած բառերով ըլլան, արագ մի խօսիք եւ այն ժամանակ Աստուած կը լսէ ձեզի, թող Աստուած ինչ փափաք որ ունիք տայ ձեզի եւ ընդունէ ձեր սրտէն ելած աղօթքները»։
Յետ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին Սրբազան Հայրը եկեղեցւոյ մէջ ժողվուած հաւատացեալներուն հետ նկարուելէ ետք Եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութեան մասնակցեցաւ։ Գերշ. Սրբազան Հայրը հիւրասիրութիւնէն վերջ իր հայրական օրհնութիւնն ու շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց Եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Տիար Սերգեյ Մայիլեանին եւ Քարտուղարուհի՝ Կարինէ Պակասեանին եւ տիկնանց միութեան անդամներուն եւ պատրաստուած հիւրասիրութեան համար։
Նաեւ գնահատեց Հոգեւոր Հովիւը՝ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեանը իր նուիրական ծառայութեան համար, մաղթելով որ Բարձրեալն Աստուած իր ծառայութեան եւ ուսումնական առաքելութեան մէջ անսասան պահէ զինքը։
Լիէժէն մեկնումէն վերջ նոյն օրը ժամը 14։00-ին, Գերշ. Սրբազան Հայրը ընկերակցութեամբ Հոգշ. Հայր Մաղաքիայի եւ Պոլսահայ բարեկամներու, այցելեց Անտվերպէն քաղաքը, հանդիպելու Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանին եւ մասնակցելու Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։

